Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ Եռակողմանի համագործակցութեան ծրագիրի ծիրին մէջ 16-17 դեկտեմբերին կայացաւ «Սփեշըլ Փրեսիշըն Սնայփըրզ-2021» միացեալ վարժանքը: Լուրը հաղորդեց Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարարութեան կայքը:
«Սփեշըլ Փրեսիշըն Սնայփըրզ-2021» միացեալ վարժանքներուն նպատակն էր բարձրացնել մարտունակութիւնը «Ի. Էս. Ի. Էյ.» առաքելութիւններու կազմակերպման, նախագծման եւ իրականացման մէջ:
Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ Եռակողմանի համագործակցութեան ծրագիրի իրականացման զուգահեռ, ըստ նախարարութեան, ռազմափորձերը կ՛արտացոլացնեն երեք երկիրներու զինուած ուժերու գերազանց համագործակցութիւնը:



