Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընդդիմութեան Բողոքի Ցոյց` Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդի Եւ Ընդհանուր Դատախազութեան Դիմաց

Դեկտեմբեր 18, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ընդդիմադիր ուժերը երէկ, 17 դեկտեմբերին բողոքի միացեալ ցոյց մը կազմակերպեցին Բարձրագոյն դատական խորհուրդի շէնքին մօտ: Մասնակիցները իրենց բողոքը յայտնեցին «քաղաքական բռնաճնշումներ»-ու դէմ:

«Հայաստանի մէջ համատարած ապօրինութիւններ եւ բռնաճնշումներ տեղի կ՛ունենան` ամէն օր ազատութենէ կը զրկուին անձեր` իրենց քաղաքական հայեացքներուն համար», ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանը Բարձրագոյն դատական խորհուրդին դիմաց բողոքի ցոյցին ժամանակ:

«Այդ բոլոր հրահանգները կ՛իջնեն այս շէնքէն եւ ընդհանուր դատախազութենէն, որոնք Նիկոլ Փաշինեանի ձեռքին մէջ դարձած են բութ գործիք` Հայաստանի մէջ բռնութիւններ իրականացնելու եւ մէկ մարդու բռնապետութիւն հաստատելու համար: Հաւաքուած ենք` մեր բողոքի ձայնը բարձրացնելու, դիմադրելու այս ապօրինութիւններու շղթային, պահանջելու ազատ արձակել քաղաքական բանտարկեալները, որոնք կալանաւորուած են բացառապէս իրենց քաղաքական գործունէութեան համար: Այսօր Հայաստանի մէջ կը կալանաւորուին այն մարդիկ, որոնք կը փորձեն պայքարիլ Հայաստանի թրքացման, Արցախի հայաթափման դէմ», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Ան վստահեցուց, որ իրենք մտադիր են կանխել այս ամէնը եւ չարիքի կառավարութիւնը «ուղարկել գրողի ծոցը», որովհետեւ իւրաքանչիւր օր անիկա կը տկարացնէ  մեր ժողովուրդին դիմադրողականութիւնը, կը տանի նոր պարտութիւններու եւ զիջումներու:

Բարձրագոյն դատական խորհուրդի շէնքին դիմաց բողոքի ցոյցին մասնակիցները երթով շարժեցան դէպի ընդհանուր դատախազութեան շէնք:

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի շահերը սպասարկող իրաւապահ մարմինները, դատաւորները, դատախազները կը գտնուին ճնշման տակ, քանի դեռ Հայաստանի մէջ վարչապետին ցանկութեամբ կը կայացնեն որոշումներ, որոնք կը հակասեն Սահմանադրութեան եւ օրէնքին: «Կը զգուշացնենք, որ մենք վաղը եւ միւս օրը կրնանք նորէն այստեղ ըլլալ, եթէ դատաւորները Գագիկ Ջհանգիրեանի միջնորդութեամբ շարունակեն կատարել մէկ անձի ցանկութիւնը», ըսաւ ան:

«Այն գործը, որ դուք կը կատարէք ապօրինի յանձնարարութիւններ կատարելով, կը փորձէք ջարդել հայ ժողովուրդին դիմադրողականութիւնը, մենք ատիկա պիտի չարտօնենք», Հայաստանի ընդհանուր դատախազութեան դիմաց յայտարարեց Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան:

«Այն քրէական գործերը, որոնցմով դուք հանդէս կու գաք իբրեւ հսկող դատախազներ, այդ գործերով դուք պատասխան պիտի տաք: Կոչ կ՛ուղղենք ձեզի դադրեցնելու ծառայել ապօրինի հրամաններուն, հրամաններ տուողներուն», ըսաւ պատգամաւորը:

Արծուիկ Մինասեան յայտարարեց, որ Հայաստանի ընդհանուր դատախազի պաշտօնանկութեան գործընթաց պիտի սկսին.

«Մենք` իբրեւ Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, իբրեւ ընդդիմութիւն, պիտի սկսինք ընդհանուր դատախազ Արթուր Դաւթեանի պաշտօնանկութեան գործընթացին», յայտնեց ան:

Նախորդը

Հանդիպում Հայաստանի Մէջ Գործող Աշխուժ Հասարակական Կազմակերպութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Յաջորդը

Խմբագրական. Ցիւրիխ 2-ի Նախաշեմին. Անկախութեան Հռչակագիրին 2-րդ, 4-րդ Տողերն ու 11-րդ Կէտը

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?