Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ԱՒԵԼԻ՛ ԱՀԵՂ ԿԵՐՊՈՎ» ՇԵՇՏԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

February 18, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարդանանց տօնին առիթով Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք, վեհարանի դահլիճին մէջ ներկայ ժողովուրդին իր խօսքը ուղղելով Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «451 թուականին Աւարայրի դաշտին վրայ տեղի ունեցած պատերազմը սովորական իմաստով պատերազմ մը չէր. ան հայութեան խորունկ հաւատքին, ամուր վճռակամութեան եւ անքակտելի միասնականութեան վաւերական արտայայտութիւնն էր: Վարդանանց պատերազմը հայութեան հաւաքական «ո՛չ»ն էր` քրիստոնէական հաւատքը հայ ժողովուրդի կեանքէն հեռացնել, ազատութիւնը հայ ժողովուրդէն խլել ու Հայաստանի անկախութիւնը խորտակել փորձող Սասանեան Կայսրութեան դէմ»: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառը ըսաւ. «Վարդանանց պատերազմին մասին խօսելով յաճախ սովոր ենք ըսելու, թէ Վարդանանք ֆիզիքապէս պարտուեցան, բայց բարոյապէս յաղթեցին: Ես ճիշդ չեմ տեսներ այս մեկնաբանութիւնը, որովհետեւ ան չի համապատասխաներ պատմական իրողութեան: Թշնամին ուզեց քրիստոնէական հաւատքը քանդել հայ կեանքին մէջ, սակայն քրիստոնէական հաւատքը մնաց եւ աւելի ամրացաւ: Թշնամին ուզեց Հայաստանը ջնջել աշխարհի քարտէսէն, սակայն Հայաստանը մնաց պատմութեան փոթորիկներուն դիմաց: Հաւատքի ու հայրենիքի յաւերժութեան համար կռուեցան ու նահատակուեցան Վարդանանք ու Ղեւոնդեանք»:

Ապա վեհափառը ըսաւ. «Երբ աշակերտ էինք, մեր ուսուցիչները յաճախ կը յիշեցնէին մեզի, թէ Վարդանանց պատերազմը կը շարունակուի այսօր եւս: Բնականաբար չէինք հասկնար մեր փոքր տարիքին այս յիշեցումին իմաստը: Այսօր, երբ մեր եկեղեցւոյ ու ազգի կեանքին մէջ պատասխանատուութեան կոչուած ենք, երբ մօտէն ծանօթ ենք մեր ժողովուրդի կեանքին, կը հաստատենք մեր ուսուցիչներուն ըսածը: Վարդանանց պատերազմը կը շարունակուի 1561 տարիներէ ի վեր եւ աւելի՛ ահեղ կերպով: Վարդանանց պատերազմը կը շարունակուի, երբ Ղարաբաղի լեռներուն վրայ մեր քաջ զինուորները կը պաշտպանեն Ղարաբաղի անկախութիւնը: Վարդանանց պատերազմը կը շարունակուի, երբ հայ եկեղեցին կը պայքարի  աղանդաւորական շարժումներուն դէմ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ` ի խնդիր մեր քրիստոնէական հաւատքի առողջ պահպանման: Վարդանանց պատերազմը կը շարունակուի, երբ մեր եկեղեցին ու մեր կառոյցները կը պայքարին խառն ամուսնութիւններու եւ հայ կեանքին մէջ օտար դպրոցին հետզհետէ ծաւալող ներկայութեան դէմ: Վարդանանց պատերազմը կը շարունակուի, երբ հայրենի մեր պետութիւնը, մեր եկեղեցին, մեր բոլոր կառոյցներն ու ժողովուրդի զաւակները կը մնան ամրօրէն կառչած մեր պահանջատիրութեան` դէմ կանգնելով ցեղասպան թուրքին ժխտողական քաղաքականութեան եւ հայութեան ձայնը լռեցնելու ձգտող ճիգերուն»: Իր խօսքի աւարտին, վեհափառը կոչ ուղղեց հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն վերանորոգ հաւատքով մասնակից դառնալու նոր օրերու վարդանանց պատերազմին:

Սուրբ եւ անմահ պատարագը մատուցուեցաւ Կոմիտաս արք. Օհանեանի կողմէ: Իր քարոզին մէջ սրբազանը շեշտեց Վարդանանց ունեցած ամուր հաւատքը, որուն պաշտպանութեան համար անոնք ուղղուեցան Աւարայր ու իրենց արիւնը թափեցին:

Վեհափառի պատգամէն ետք դպրեվանքի սաներուն գլխաւորութեամբ ներկաները միասնաբար երգեցին Վարդանանց ու Ղեւոնդեանց նուիրուած հոգեւոր ու ազգային երգեր:

 

 

Նախորդը

«ԱՌԱՆՑ ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՉԿԱՅ ԱՒԱՐԱՅՐ, ԱՌԱՆՑ ԱՒԱՐԱՅՐԻ ՉԿԱՅ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» ՀԱՍՏԱՏԵՑ ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ

Յաջորդը

ԻՏԱԼԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ Կ՛ՈՒԶԷ, ՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱՐԿԵՐ ՎՃԱՐԷ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.