Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «Գ. ԻՓԷԿԵԱՆ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻ «ՓԱՌՔԻ ՎԱՇԽԱՌՈՒՆԵՐԸ» ԹԱՏԵՐԱԽԱՂԻ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ` ՀԵԶԱՍԱՀ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ ԵՆ

February 18, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը, իր 70-ամեայ նախաձեռնութիւններուն շարքին, 23 մարտ 2012-էն սկսեալ պիտի ներկայացնէ հանրայայտ թատերագիր Մարսել Փանիոլի «Փառքի վաշխառուները» թատերախաղը` բեմադրութեամբ Ռոպերթ Առաքելեանի:

Այս առիթով երէկ` ուրբաթ, 17 փետրուար 2012-ին, «Ազդակ»-ի թղթակիցը ներկայ գտնուեցաւ թատերախումբի փորձին` հետեւելու աշխատանքներու ընթացքին:

Թատերախաղը պատշաճ լրջութեամբ կ’անդրադառնայ մերօրեայ հարցերուն, եւ անոր կերպարները պարզ մարդիկ են, որոնց արժանապատուութիւնն ու ազնիւ ապրելու կամքը աճուրդի հանուած են վաշխառուներու կողմէ:

Շուրջ հինգ ամիսներ առաջ սկսած աշխատանքները շուտով կը հասնին իրենց աւարտին: Փորձերը կ’ընթանան Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղին մէջ, ուր կը տիրէ թատերական առողջ մթնոլորտ:

Ներկայացման մէջ ընդգրկուած են դերասաններ Գէորգ Նալպանտեան, Հրակ Տեմիրճեան, Թինա Թաշճեան-Պեքերեճեան, Վարդան Ազնաւուրեան, Նարեկ Առաքելեան, Յաւերժ Շխրտըմեան, Յովհաննէս Հելվաճեան, Բալիկ Լատոյեան եւ Պօղոս Մալեան: Բեմադրիչ Ռ. Առաքելեան խստապահանջութեամբ եւ բծախնդրութեամբ կը կատարէ իրեն վստահուած պարտականութիւնը:

Փորձին ներկայ էին Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցի աւարտական դասարանի աշակերտները: Այս գծով միեւնոյն ատեն «Արեգ»-ի բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան յայտնեց, որ այս ներկայութիւնը պէտք է աւանդութեան վերածուի, նախ իբրեւ դաս, եւ ապա որպէսզի ապագայ դերասանները մօտէն ծանօթանան «Գ. Իփէկեան»-ի մթնոլորտին: Բեմադրիչը յայտնեց, որ «Գ. Իփէկեան»ի վարչութիւնը ներկայացման կազմակերպական աշխատանքներուն եռանդուն կերպով կը հետեւի, մինչ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչները  յաճախակի կերպով կը հետեւին աշխատանքներուն:

Ան աւելցուց, որ արդէն ներկայացման աշխատանքային կազմը յստակացած է. ձայնի պատասխանատուն Նժդեհ Մկրտիչեանն է, բեմավարը` Լիզա Կիւլիւմեանը, բեմանկարիչը` Ռոստոմ Գույումճեանը, բեմայարդարումի յղացումն ու երաժշտական ձեւաւորումները կը պատկանին Նարեկ Առաքելեանին, բեմայարդարման իրագործումը վստահուած է ԺոզեՖ Սթամպուլեանին, իսկ երաժշտութիւններու ընտրութեան նպաստած է Սուրէն Խտըշեան, մինչ քանդակագործ Վարդան Աւեսեան բեմայարդարման մէջ ունեցած է իր կարեւոր ներդրումը:

Վերջապէս, Ռոպերթ Առաքելեան հաստատեց, որ ներկայացումին փորձերը հեզասահ ընթացքի մէջ են, եւ յոյս յայտնեց, որ արուեստի տեսակներու մէջ բարդագոյնը` թատրոնը իր այս ներկայացումով ու հաւաքական աշխատանքով արժանանայ հանդիսատեսներու գնահատանքին:

 

 

Նախորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԱՍԻՐԱՑ ԵՂԲԱՅՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻԱՑԵԱԼ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.