Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԵՍԱԿԷՏ. ՉԱՐԱՄԻՏ ՈՒ ՄՏԱՀՈԳԻՉ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ Կ՛ՈՒՐՈՒԱԳԾՈՒԻ

February 16, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի ղեկավարած Քրիստոնեայ ժողովրդավար միութիւն կուսակցութեան եւ անոր քոյր կազմակերպութեան` Քրիստոնեայ ընկերային միութիւն կուսակցութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խորհրդարանական աշխատանքային խմբակը հրապարակեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ փաստաթուղթ մը, որ ազրպէյճանամէտ ըլլալուն կողքին Մինսքի խմբակի համանախագահութեան մէջ փոփոխութիւն կատարելու վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուած գաղափարին եւ տագնապը ՄԱԿ փոխադրելու հին-նոր երազին մասին մանրամասնութիւններ բացայայտեց:

Նշեալ աշխատանքային խմբակի անդամ գերմանացի երեսփոխանները իրենց կառավարութեան կոչ կ՛ուղղեն «Մինսքի խմբակին մէջ Ֆրանսան Եւրոպական Միութեամբ փոխարինելու ուղղութեամբ աշխատանք տանելու»: Այս կոչը ներշնչուած է Թուրքիոյ իշխանութեանց այն պնդումներէն, որ Ֆրանսայի ծերակոյտի Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու օրէնքի որդեգրումէն ետք Ֆրանսա կորսնցուցած է իր անկողմնակալութիւնը եւ չի կրնար անաչառ միջնորդ մը ըլլալ: Գերմանացի երեսփոխանները Մինսքի խմբակի համանախագահութեան կազմի փոփոխութեան պահանջով չբաւարարուելով կառավարութեան կը յանձնարարեն «Եւրոպական Միութիւնը օժտել Ապահովութեան խորհուրդին մէջ յատուկ ներկայացուցիչով մը, որ օժտուած ըլլայ տագնապի կողմերուն միջեւ միջնորդութիւն կատարելու յստակ լիազօրութեամբ»: Ինչ որ Մինսքի խմբակի ձեւաչափը շրջանցելու, անոր զուգահեռ միջնորդ մը ստեղծելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի թղթածրարը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդ փոխադրելու փորձ մըն է, որուն իրականացումը Մինսքի խմբակի ձեւաչափին եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի փոխզիջումային ու խաղաղ լուծման հեռանկարին մահը կը նշանակէ:

Խմբակը կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիան մղելու Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնները բնականոնացնելու, ինչ որ դրական առաջարկ մը պիտի ըլլար, եթէ անիկա նպատակ ըլլար եւ ոչ թէ միջոց: Արդարեւ, գերմանացի երեսփոխանները կը նշեն, որ այդ քայլը պիտի արտօնէ, որ ռուսական ուժերը հեռանան Հայաստանէն եւ այդպիսով շրջանին մէջ զինարշաւը պիտի դադրի: Սակայն այդ ուժերուն ներկայութիւնը Ազրպէյճանի շղթայազերծած զինարշաւին դրդապատճառը չէ, իսկ անոնց բացակայութիւնը պիտի չդադրեցնէ զայն: Ուրեմն, այս կոչին նպատակը Հայաստանի ապահովական դիրքը տկարացնելն ու անկէ զիջումներ խլելն է:

Գերմանացի երեսփոխանները իրենց կառավարութեան կոչ կ՛ուղղեն «աջակցելու Թուրքիոյ, որպէսզի ան տագնապի լուծման մէջ աւելի շինիչ դերակատարութիւն ունենայ»: Այլ խօսքով` անոնք ոչ միայն Հայաստանի շրջափակումը շինիչ կը նկատեն, այլ կ՛ուզեն, որ Թուրքիա «աւելի շինիչ» դերակատարութիւն ունենայ: Իսկ եթէ շրջափակումը «շինիչ» է, Աստուած գիտէ, թէ «աւելի շինիչ»-ը ինչ կրնայ ըլլալ…: Ամէն պարագայի, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւն տալու գաղափարը ինքնին մերժելի է:

Ազրպէյճանի` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամակցութեան, Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի հոլովոյթին եւ ուրուագծուող այս ծրագիրի յառաջադրման թայմինկները որքանո՞վ զուգադիպութիւն են: Յամենայն դէպս, Մինսքի խմբակի համանախագահութեան մէջ փոփոխութիւն կատարելու, խմբակին զուգահեռ տագնապի լուծման միջնորդ ու ձեւաչափ ստեղծելու, ինչպէս նաեւ տագնապի լուծման մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւն շնորհելու մտադրութիւնը շատ վտանգաւոր ծրագիր մըն է, որ պէտք չէ իրականանայ: Հարկ է զայն արմատէն խլել, այլապէս հայկական կողմը մօտիկ ապագային կրնայ ինքզինք գտնել խիստ անախորժ ու անբաղձալի կացութեան մը առջեւ:

 

 

Նախորդը

ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԻ 1561-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԲԱՆԱԿԻ ՍՊԱՅԱԿՈՅՏԻ ՆԱԽԿԻՆ ՊԵՏԸ ՑԿԵԱՆՍ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.