Հովանաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, նախագահութեամբ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան միութիւններուն, երէկ` չորեքշաբթի, 15 փետրուար 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց ճակատամարտին նուիրուած տօնահանդէս:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Փաթիլ Մկրտիչեան, որ նշեց, թէ Վարդանանց հանդիսութեան նպատակը պարզապէս աւանդութիւնը պահելը չէ, այլ` Հայոց պատմութեան կարեւորագոյն դէպքերէն մէկը նշելով անոր խորհուրդով ապրիլն է:
Ապա Ս. Վարդանի երէցները նուագեցին ազգային երգեր, Տեսիլ Քէշիշեան ասմունքեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Վարդանական»-ը, իսկ Կասիա Էճիտեան (կիթառ), Նարեկ Չերչեան (Ֆլիւթ) եւ Լորի Մոմճեան (կիթառ) նուագեցին հայրենասիրական երգեր:

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին «Վարդանանց» թատերգութիւնը, որմէ ետք խօսք առաւ օրուան պատգամախօս, «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Աւետիս Կիտանեան, որ ներկայացուց Վարդանանց խորհուրդն ու վարդաններու ուղիին հետեւելու կարեւորութիւնը:
Կիտանեան ըսաւ. «Մենք գիտենք պարտութենէն յաղթանակ կերտել», եւ այդպէս եղած է հայ ժողովուրդի պատմութեան էութիւնը: Աւետիս Կիտանեան շեշտեց, որ յաղթանակը քրիստոնէութիւնը պահելն է, որովհետեւ ուզեցին հայերուն կրօնափոխութեան ենթարկել, բայց չկրցան: Պատգամախօսը յայտնեց, որ անցեալին պարսիկները, իսկ մօտիկ անցեալին թուրքերը փորձած են սպաննել մեր հայկականութիւնը, սակայն չեն կրցած, քանի որ հայութիւնը իր արժէքներուն միշտ ալ կառչած մնացած է:
Աւետիս Կիտանեան յայտնեց, որ օտար վարժարաններ յաճախելն ու օտար ամուսնութիւնը պարծենալիք երեւոյթներ չեն, այլ հայկականութենէ հեռանալու կամ հեռացնելու միջոցներ: Ան նշեց, որ այսօր հայութիւնը ունի հայրենիքի վերականգնման, Արցախի հարցին լուծման եւ ջաւախքահայութեան պահպանման խնդիրներ, որոնք կը կարօտին համահայկական ջանքերու:

Բանախօսութենէն ետք «Բլբուլ» երգչախումբը երգեց «Հայկական բանակ»-ը, «Հզօր Հայաստան»-ը եւ «Աւարայրի դաշտ»-ը (Մեներգող` Սինթիա Արապկիրլեան), որոնցմէ ետք Քարլա Քաչոյեան ասմունքեց Գարեգին Սրուանձտեանի «Երգ Վարդանանց յիշատակին»-ը: Իր կարգին, Մարինէ Հալլաճեան ջութակով նուագեց երկու ստեղծագործութիւն, մինչ Անայիս Նենեճեան-Կետիկեան երգեց «Կռունկներ»-ը եւ «Հայրենիքիս հետ»-ը:
Յայտագիրի աւարտին, հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին այս ձեռնարկին յաջողութեան: Ապա Վարդանանց տօնախմբութիւնը փակուեցաւ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի պատգամով: Գերապայծառ Թէյրուզեան հաստատեց, որ Վարդանանց հերոսները կրցան թշնամիներուն «Ոչ» ըսել, եւ այս մօտեցումը պէտք է ունենան մեր այսօրուան երիտասարդները` մերժելով օտարութիւնը եւ պահպանելով քրիստոնէութիւնը, հայկականութիւնը եւ արժէքները: Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան ըսաւ. «Մեր միակ փրկութիւնը Հայաստանն է, որպէսզի կարենանք ամբողջովին պահել մեր հայկականութիւնը»:


