Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը 26 նոյեմբերին Սոչիի մէջ բանակցութիւններ պիտի վարեն: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ Սոչիի մէջ Փութին առանձնազրոյցներ պիտի ունենայ Ալիեւի եւ Փաշինեանի հետ:
Կը նշուի, որ երեք ղեկավարները պիտի քննարկեն Արցախի մէջ խաղաղ կեանքի հաստատման եւ կայունութեան ամրապնդման ուղղուած հետագայ քայլերը:
Նշենք, որ երէկ Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմը հաստատեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութիւնը 26 նոյեմբեր 2021-ին Սոչիի մէջ տեղի ունենալիք եռակողմանի հանդիպումին: