ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՀՄԸՄ Լիբանանի շրջանի աւանդութիւն դարձած` նահատակուած եւ մահացած ՀՄԸՄ-ականներուն հոգեհանգստեան պաշտօնը պիտի կատարուի կիրակի, 21 նոյեմբեր 2021-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՄԻՍԱՔ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով Մխիթարութեան աղօթք եւ յիշատակութիւն պիտի կատարուի կիրակի, 21 նոյեմբեր 2021-ին, Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
—————————————
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Ներսէսեան ընտանիքի անդամներ շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով, առցանց միջոցով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց հարազատին` ՄԻՍԱՔ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆի մահուան սուգին:
—————————————
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Միսաք Ներսէսեանի մահուան (20 նոյեմբեր 2020-ին) առիթով`
Հայկազեան համալսարանի «Միսաք Ներսէսեան» ֆոնտին եւ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին կատարուած նուիրատուութիւններու գումարը` 30.000 ամերիկեան տոլար:
—————————————
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Անթիլիաս, Սիմիթեան շէնքեր, մեծ բաժին` 200 քառ. մեթր, 8-րդ յարկ: Դիմել հեռ. 71-007940 թիւին: