Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԷՆ. ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿՆ Է

February 16, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱԼԻ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ

Յաճախ կը զգանք, որ մեր կեանքն ու տուները չափազանց խճողուած են առարկաներով, կահ- կարասիներով, հագուստներով, գիրքերով, խաղալիքներով եւ կօշիկներով… Ասոնց կարգին կան առարկաներ, որոնք կը լեցնեն մեր տուները, տարածք կը գրաւեն եւ արգելք կը հանդիսանան մեր հանգիստ կենցաղին, փնտռած ներդաշնակութեան եւ կը յոգնեցնեն ու կը սպառեն մեզ:

Ուրկէ՞ կու գայ այս խճողուածութիւնը եւ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ երեւութապէս չափաւոր, հաւասարակշռուած եւ աշխատասէր մարդիկ, որոնք կրնան մեր ընկերները, պաշտօնակիցները, հարազատները ըլլալ, կամ նոյնիսկ` մենք, այս երեւոյթին ծուղակին մէջ կ՛իյնանք: Թերեւս երբեմն կը գնենք առարկաներ եւ կազմածներ, որոնց անպայմանօրէն կարիքը չունինք եւ կը լեցնենք մեր տան իւրաքանչիւր անկիւն` պատճառաբանելով, որ զեղչի շրջանին շատ յարմար գինով ձեռք ձգած ենք:

Անշուշտ «ապրանք»-ը կը գնենք եւ կ՛ըսենք, թէ ասիկա ներդրում մըն է եւ զայն կը կոչենք «խոստում»: Օրինակ, կը գնենք մարզանքի գործիքներ` խոստանալով, որ անոնց օգտագործումով ծանրութիւն պիտի կորսնցնենք, սակայն յաճախ այդ մէկը խաբկանք կը մնայ: Կը գնենք հագուստներ` այն խոստումով, որ գրաւիչ եւ վայելուչ պիտի դառնանք, բայց խորքին մէջ պարզապէս խոստում մըն է, որ կը գնենք: Այս կ՛ընենք` մտածելով, որ մեր կեանքը աւելի ուրախ ու ապահով կրնայ ըլլալ այդպիսով` «Գնում կ՛ընեմ, ուրեմն կա՛մ» խօսքին հետեւելով: Կը կարծենք, որ եթէ հաւաքենք եւ սեփականացնենք ճիշդ բաներ, ուրախութեան հասնելու պայմանը ամբողջացուցած կ՛ըլլանք: Ճիշդ կերպով ընտրուած տունը, վերջին նորոյթին համապատասխանող հագուստները, նորագոյն ելեկտրակազմածները, ճիշդ ինքնաշարժը… Բայց խորքին մէջ այս ընելով` պարզապէս հաւաքած պիտի ըլլանք երեւակայական կեանքի մը երազը եւ յուսախաբութեան մատնուինք, որովհետեւ առարկաները բնաւ նպատակ չեն եղած` մարդ արարածին կեանքը ճոխացնող, կերտող ու արժեւորող:

Եթէ կեանքիդ մէջ առաջնահերթ յարաբերութիւնդ քու առարկաներուդ նկատմամբ ունեցած կապուածութիւնդ է, ստացուածքդ է, դժբախտաբար վերջաւորութեան պիտի իյնաս խաբկանքի մը մէջ: Այդ կապը խորքին մէջ շատ պահանջկոտ կրնայ ըլլալ եւ կլանել էութիւնդ, կը գրաւէ տանդ տարածքը, ծախսի դռներ կը բանայ դիմացդ, կը յոգնեցնէ իր խճողուածութեամբ, երբեք չի փոխուիր եւ չի համապատասխաներ քու փոխուող կարիքներուդ եւ ժամանակի պահանջներուն: Այսպիսով, ի վերջոյ, այդ առարկաները կրնան նոյնիսկ ընկճել քեզ եւ յուսախաբութեան մատնել:

Այս երեւոյթէն կրնանք ձերբազատիլ ո՛չ թէ ձերբազատելով աւելորդ առարկաներէն, ոչ թէ վերադասաւորումներ կատարելով տան մէջ եւ մեր ունեցածները տարբեր ձեւով ներկայացնելով, այլ` աւելի խոր երթալով եւ վերարժեւորելով մեր կեանքի նպատակը, հարց տալով, թէ մենք ի՞նչ կը փնտռենք եւ ի՞նչ կ՛ուզենք իրագործել:

Միայն այն ատեն է, որ պարզ կը դառնայ, թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը ինչպէ՞ս կը մտածէ, ինչպիսի՞ յարաբերութեան մէջ է իր շրջապատին հետ, ի՞նչ արժէքներ առաջնահերթ են իրեն համար, ինչի՞ կը ձեռնարկէ ապրելու միայն մէկ անգամ ըլլալով շնորհուած այս կեանքը: Այլ խօսքով, պէտք է իսկապէս գիտնալ եւ մեր անձերուն հետ հաշուեյարդարի նստիլ, որպէսզի կարելի ըլլայ գտնել իսկական ազատութիւնը, ուրախութիւնը եւ հաճոյքը, նաեւ` այն բոլորը, որոնք այս զգացումներն ու գոհունակութիւնը կը պատճառեն:

 

 

Նախորդը

ԳԱՂՈՒԹԷ – ԳԱՂՈՒԹ

Յաջորդը

ՅՈ՞ ԵՐԹԱՍ (QUO VADIS) ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.