Իսրայէլի մէջ յայտնաբերուած է «Քորոնա» ժահրի «Տելթա» նոր ենթատեսակով վարակման առաջին դէպքը: Նոր տիպը ամրան կէսերուն յայտնուած էր Եւրոպայի քանի մը երկիրներու մէջ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ 20 հոկտեմբերին այս մասին յայտնած է Իսրայէլի «Ի24» պատկերասփիւռի կայանը:
Պատկերասփիւռի կայանին տուեալներով` ժահրը յայտնաբերուած է 19 հոկտեմբերի երեկոյեան, Թել Աւիւի «Պեն Կորիոն» օդակայանին մէջ, 11 տարեկան երեխայի մօտ, որ Մոլտովայէն հասած էր Իսրայէլ: Ատկէ ետք երկրին առողջապահութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները պաշտօնապէս հաւաստեցին «Տելթա» տարբերակով վարակման առաջին դէպքը:
11 տարեկան երեխան Իսրայէլ վերադառնալէ ետք ոչ ոքի հետ հաղորդակցութեան մէջ մտած է եւ կը գտնուի մեկուսացման մէջ:
Իսրայէլի մէջ «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստումը սկսած է 20 դեկտեմբեր 2020-ին, 30 յուլիսին երկրին մէջ սկսած են կատարել պատուաստի երրորդ ներարկումը անոնց, որոնք երկրորդ պատուաստը աւելի քան հինգ ամիս առաջ ստացած են:
Իսրայէլի առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով` ներկայիս «Ֆայզըր» պատուաստանիւթով առաջին դեղաչափը ստացած է 6,2 միլիոն իսրայէլացի, 2-րդը` 5,7 միլիոն, երրորդը` 3,8 միլիոն: Իսրայէլի բնակչութեան թիւը 9,3 միլիոն է:



