Մոսկուան իր գործողութիւններով սպառնալիք կը ներկայացնէ շրջանին մէջ կայունութեան պահպանման համար: «Ինթըրֆաքս-Ուքրանիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ յատուկ ներկայացուցիչ Խավիեր Քոլոմինան` Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Զալքալիանիի հետ հանդիպումէն ետք:
«Վրաստանը եւ ՕԹԱՆ-ը մտահոգ են Ռուսիոյ անվտանգութեան քաղաքականութեամբ: Այս շրջանին մէջ Ռուսիան յաճախ կ՛օգտագործէ ուժի սպառնալիք եւ կը սպառնայ կայունութեան պահպանման թէ՛ Վրաստանի, թէ՛ ալ շրջանի այլ երկիրներուն մէջ, օրինակ` Ուքրանիոյ եւ Մոլտովայի Հանրապետութեան մէջ», ըսած է Խավիեր Քոլոմինա:
Ան յաջորդած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրային, որ այս պաշտօնը կը զբաղեցնէր դեկտեմբեր 2010-ին:
Յիշեցնենք, որ ՕԹԱՆ-ի յատուկ ներկայացուցիչը երկուշաբթի օր Պաքու էր, ուր ան հանդիպում ունեցած էր այդ երկրի արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներուն հետ:



