Երէկ ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
Հաշուի առնելով հայկական պետութեան կործանման վտանգը ու Արցախի եւ Սիւնիքի կորուստը կասեցնելու հրամայականը` ՀՅԴ Երիտասարդականի համաշխարհային ընտանիքը կը դիմէ համազգային դիմադրութեան, որ հետեւողական պայքարի շնորհիւ պիտի յառաջացնէ երկար սպասուած արժեհամակարգային յեղափոխութիւնը:
Նկատի ունենալով`
. Թուրք-ազրպէյճանական համաթուրանական քաղաքականութիւնը, որ կը միտի միանգամընդմիշտ տարածաշրջանի քարտէսէն ջնջել Արցախի ու Հայաստանի հանրապետութիւնները,
. Հայաստանի իշխանութիւններու ապազգային եւ դաւադիր ընթացքը, որ կ՛առաջնորդուի միակողմանի զիջումներով` կարծեցեալ խաղաղութեան հասնելու քաղաքականութեամբ,
. Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական փակուղին եւ այն իրականութիւնը, որ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ ընդդիմութեան ծաւալած գործունէութեան կողքին անհրաժեշտ է դիմել բազմաճակատ պայքարի,
ՀՅԴ երիտասարդութիւնը որոշած է չյարմարիլ այս իրականութեան, այլ` մեկնարկելով համազգային երիտասարդական դիմադրութեան շարժում` պայքարի հինգ հիմնական ճակատներով`
- Ամէնուրեք թափ տալ հակաթուրք եւ հակաազրպէյճանական պայքարին,
- Գերտէրութիւններուն հասցնել այն պատգամը, թէ իրենց ծրագիրները չեն կրնար իրականացնել Հայաստանի եւ հայութեան ազգային-պետական շահերուն հաշուոյն,
- Կտրուկ քայլերով մերժել Հայաստանի իշխանութիւններու պառակտող ու պետականակործան քաղաքականութիւնը,
- Պայքարիլ Արցախը հայաթափելու, զայն Հայաստանէն ու սփիւռքէն անջատելու ազրպէյճանաթուրքական փորձերուն եւ Սիւնիքէն արտագաղթի հոսանքին դէմ: ՀՅԴ երիտասարդականի կողմէ կազմակերպուած «Արցախի վերականգնման ու զարգացման» եւ «Դէպի Սիւնիք» ծրագիրները լաւագոյն ապացոյցներն են այս աշխատանքին,
- Ներազգային ճակատի վրայ համախմբել, կազմակերպել հայ երիտասարդութիւնը` ստեղծելով դիմադրութեան ցանցային կորիզներ:
Սիրելի՛ երիտասարդներ,
Կոչ կ՛ուղղենք բոլորիդ միանալու այս շարժումին, այս ճակատագրական օրերուն, բոլորս` իրաւունք չունինք մատնուելու յանցաւոր անգործութեան: Զարթօնքի եւ ազգային անկումը վերելքի վերածելու պահը հիմա՛ է:
ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
20 հոկտեմբեր 2021