Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանը աւարտեցաւ երէկ, երբ Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Ռիատի Պէյրութ-Անդրանիկ Պէյրութ մրցումը:
Անիկա աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Ռիատիի յաղթանակով` 78-74 արդիւնքով (22-14, 15-24, 25-18 եւ 16-18):
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը Ռիատիէն նշանակեց Ամիր Սէուտ (29 կէտ):
Իսկ Անդրանիկէն Օմար Քայսի նշանակեց 16 կէտ:
Այս մրցումէն կարճ ատեն մը ետք, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց 2-րդ եւ 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն բարեփոխուած յայտագիրը:
Անիպալ Զահլէ-Շանվիլ բացման մրցումով, վաղը կը սկսի Բ. հանգրուանը: