Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Աշխարհի Ճակատագիրը Պէտք Չէ Բուռ Մը Երկիրներ` Համաշխարհային Բ. Պատերազմի Յաղթողներ Որոշեն» Կ՛ըսէ Էրտողան

Հոկտեմբեր 20, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարդկութեան ճակատագիրը պէտք չէ ձգել «բուռ մը երկիրներու»` Համաշխարհային Բ. պատերազմի յաղթողներու ողորմածութեան: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:

Էրտողան նախապէս յայտարարած էր, որ գոյութիւն ունի ճամբու քարտէս մը, որ նախատեսուած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամները «անկիւն քշելու»` այս միջազգային կազմակերպութեան միւս անդամներուն իրաւունքները ընդլայնելու համար:

«Մարդկութեան ճակատագիրը կարելի չէ եւ պէտք չէ ձգել Համաշխարհային Բ. պատերազմին յաղթած բուռ մը երկիրներու ողորմութեան: Մինչ աշխարհը կը փոխուի եւ դիւանագիտութիւնը, առեւտուրը, միջազգային յարաբերութիւնները արմատական վերափոխումներու կ՛ենթարկուին, անկարելի է պատկերացնել, որ համաշխարհային անվտանգութեան ճարտարապետութիւնը մնայ նոյնը», ըսած է Էրտողան` խօսք արտասանելով Անկոլայի խորրդարանին մէջ:

Ըստ անոր, փոփոխութիւններու պահանջներուն չենթարկուիլը կը նշանակէ «Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք յառաջացած սթաթիւս քոն պահպանելու յամառ փորձ»:

Էրտողան միեւնոյն ժամանակ աւելցուցած է. «Աշխարհը հինգէն (ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն հինգ անդամներէն) աւելի է»:

Յուլիսին ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ ներկայացուցիչի տեղակալ Տմիթրի Փոլիանսքի «Իզվեսթիա»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած էր, որ Մոսկուան դէմ է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամներու թիւի յաւելման` ի հաշիւ «հաւաքական Արեւմուտքի» երկիրներուն: Ան նշած է, որ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ նման երկիրները արդէն բաւական են, եւ անհրաժեշտ է կեդրոնանալ այնտեղ զարգացող պետութիւններու մուտքին վրայ:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Լաւրով լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին մեկնաբանած է Էրտողանի յայտարարութիւնը եւ նշած. «Էրտողանի պերճախօսութիւնը շատ յայտնի է: Ան ազատօրէն կ՛արտայայտուի որեւէ նիւթի շուրջ: Ես անոր հետ համաձայն եմ, որ Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամներու «հնգեակ»-ը իրաւունք չունի թելադրելու աշխարհի ճակատագիրը: Անիկա իրաւունք չունի եւ չի ալ յաւակնիր ունենալ: «Հնգեակ»-ը կը յաւակնի այն լիազօրութիւններուն, որոնք ամրագրուած են ՄԱԿ-ի կանոնակարգին մէջ»:

Նախորդը

Ազրպէյճան Կը Խոչընդոտէ Իրանէն Դէպի Ռուսիա Արտածումը

Յաջորդը

Թուրքիոյ Նախագահը 26 Հոկտեմբերին Պիտի Այցելէ Ազրպէյճան

RelatedPosts

Լաւրով. «Մեզի Եւս Պէտք Են Երաշխիքներ,  Թէ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահներու  Հանդիպումը Որոշակի Արդիւնքներ Պիտի Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մեզի Եւս Պէտք Են Երաշխիքներ, Թէ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահներու Հանդիպումը Որոշակի Արդիւնքներ Պիտի Տայ»

Հոկտեմբեր 29, 2025
Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Միացեալ Նահանգներու Հետ Առեւտրական  Տարակարծութիւններու Կարգաւորման  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Միացեալ Նահանգներու Հետ Առեւտրական Տարակարծութիւններու Կարգաւորման Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նեթանիահու. «Համաս Կազայի Զինադադարի  Համաձայնութիւնը Կ՛ոտնահարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Համաս Կազայի Զինադադարի Համաձայնութիւնը Կ՛ոտնահարէ»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?