Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Փաշինեան-Փութին Հանդիպումը. Փաշինեան. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Կը Մնայ Անլոյծ»

October 13, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 12 հոկտեմբերին, Քրեմլինի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ողջունելով հայաստանցի իր գործընկերը, Ռուսիոյ նախագահը նշեց, որ մշտական հեռաձայնային կապի մէջ է Փաշինեանի հետ, սակայն անհրաժեշտ արդիւնքի հասնելու տեսանկիւնէն անձնական հանդիպումները միշտ ալ արդիւնաւէտ են: Փութինը յոյս յայտնեց, որ այս անգամ եւս այդպէս պիտի ըլլայ:

«Մենք պիտի խօսինք թէ՛ պաշտօնական եւ թէ՛ ոչ պաշտօնական  միջավայրի մէջ, պիտի ճաշենք, քննարկենք ընթացիկ գործերը, խօսինք հեռանկարներու մասին: Շուտով այստեղ տեղի պիտի ունենայ ԱՊՀ (Անկախ պետութիւններու հասարակապետութիւն) վեհաժողովը, պիտի ուզէինք ձեզի հետ համաձայնեցնել դիրքորոշումները, քայլերը, նաեւ այդ ուղղութեամբ եւ, բնականաբար, մեր համագործակցութեան հիմնական հարցերով, այդ կարգին` այսօրուան դրութեամբ եւ երկարաժամկէտ հեռանկարով շրջանին մէջ կարգաւորման հարցով: Շատ ուրախ եմ ձեզ տեսնելով, բարի գալուստ», ըսաւ Փութին:

Հայաստանի վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրին համար` նշելով, որ ասիկա այս տարի Ռուսիոյ նախագահին հետ արդէն չորրորդ հանդիպումն է: «Կը կարծեմ, նման յաճախակի հանդիպումները կը վկայեն մեր յարաբերութիւններու բարձր ուժականութեան ու մեր ռազմավարական դաշնակցային յարաբերութիւններու կարեւորութեան երկուստեք ընկալման մասին: Վստահաբար, ներկայիս մեր շրջանին եւ ամբողջ աշխարհին մէջ տեղի կ՛ունենան աշխուժ գործընթացներ, եւ շատ կարեւոր է, որ դաշնակիցները յաճախ հանդիպին, զրուցեն, ինչպէս դուք ըսիք` «համաձայնեցնել դիրքորոշումները»: Ցաւօք առայժմ կարելի չէ խօսիլ մեր շրջանին մէջ իրավիճակի լիարժէք կայունացման մասին: Ինչպէս դուք նկատեցիք, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը կը մնայ անլոյծ, եւ հասկնալի է, որ տագնապի լուծման  ու ընդհանրապէս` մեր շրջանին մէջ անվտանգութեան ապահովման հարցով առանցքային դեր կը խաղայ Ռուսիան, որ կը հանդիսանայ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի համանախագահող երկիր: Այս բոլոր հարցերը շատ կարեւոր են, առանցքային հարցեր են, եւ ես շատ ուրախ եմ այս ամբողջ օրակարգը ձեզի հետ քննարկելու առիթին համար», ըսաւ Փաշինեան:

 

Նախորդը

ԵԽԽՎ-ի Մէջ Ազրպէյճանին Կոչ Ուղղուեցաւ` Անյապաղ Վերադարձնելու Բոլոր Հայ Գերիները

Յաջորդը

«Իրանը Ունի Փաստաթուղթեր, Որոնք Կը Հաստատեն, Որ Ահաբեկչական Խմբաւորումները Տեղափոխուած Են Ազրպէյճան» Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ

RelatedPosts

Միրզոյեան Թեհրանի Մէջ Ներկայացուց ԹՐԻՓՓ-ի  Կարելիութիւնները, Իսկ Արաղչի Կրկնեց  «Երրորդ Կողմ»-ի Մասին Մտահոգութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Թեհրանի Մէջ Ներկայացուց ԹՐԻՓՓ-ի Կարելիութիւնները, Իսկ Արաղչի Կրկնեց «Երրորդ Կողմ»-ի Մասին Մտահոգութիւնը

October 6, 2026
Պաշտօնանկութիւն Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Մէջ` Սիւնիքի Մէջ Ազրպէյճանցի  Զինուորի Ներթափանցումէն Ետք
Հայկական

Պաշտօնանկութիւն Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Մէջ` Սիւնիքի Մէջ Ազրպէյճանցի Զինուորի Ներթափանցումէն Ետք

October 6, 2026
Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնելու Պաքու`  Մարդասիրական Առաքելութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնելու Պաքու` Մարդասիրական Առաքելութեամբ

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.