Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Արցախեան Պատերազմն Ու Հայկական Կողմին Իրաւունքները

October 6, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

27 սեպտեմբերի պատերազմէն մէկ տարի ետք քաղաքական բեմերու վրայ յստակօրէն կ՛երեւին ազրպէյճանաթրքական այն նկրտումները, որոնք կը միտին, անկախ` ճամբաներու ապաշրջափակման հարցին եւ խաղաղութեան հաստատման առնչուող քննարկումներէն, պայմանաւորուածութիւններէն, հայկական կողմին իրաւունքները անտեսել: Աւելի՛ն. հայկական պահանջները աստիճանաբար ուրացումի մատնել բոլորին կողմէ, փոխարէնը ազրպէյճանական իրաւունքներու նոր եզրեր որոնել` մշակութային հարստութիւններու, տարածքներու, սահմաններու եւ այլ առումներով:

Արցախի ժողովուրդը, Խորհրդային Միութեան տարիներուն ապրելով Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին մէջ, միութեան փլուզումէն ետք ի գործ դրաւ ազգերու ինքնորոշման իր իրաւունքը եւ արդար պայքարով նուաճեց զայն: Այդ իրաւունքի խլման փորձը դատապարտելի է, որուն դիմաց հայկական կողմը ամէն առիթով հնչեցնելու է այդ իրաւունքին տէր կանգնելու իր վճռակամութիւնը:

Երկրորդ.- պատմական իր հայրենիքին տէր կանգնելու իրաւունքը: Արցախի պատմութիւնը, անոր մշակութային հարստութիւնը եւ ժողովուրդը դարերու ներկայութիւն ունին հայրենի այս հողատարածքին վրայ: Այս իրողութեան դիմաց պատմութիւնը եւ մշակութային մեր հարստութիւնը աղաւաղելու Ազրպէյճանի փորձերը դատապարտելը, պատմական իրողութիւնները հաստատելը հայ դիւանագէտներու, քաղաքական գործիչներու եւ պատմաբաններու նուազագոյն պարտքն է, որ պիտի խոչընդոտէ պատմութեան աղաւաղման իւրաքանչիւր փորձ, ինչպիսի շահերու ծառայող կողմերէ ալ հնչած ըլլան անոնք:

Երրորդ.- Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններու պաշտպանութեան իրաւունքը: Սահմաններու պաշտպանութեան թուլութիւնը աւելի յարձակողապաշտ կը դարձնէ թշնամին, ու որքան ալ որ ռուսական խաղաղապահ ուժեր տիրութիւն ընեն այդ սահմաններուն, հայկական ուժերուն դիմադրողականութիւնն ու սահմաններուն տիրութիւն ընելու վճռակամութիւնը պատնէշ կրնան դառնալ թշնամիին նկրտումներուն եւ ապագայ ծաւալման ծրագիրներուն:

Ցաւօք, պատերազմէն տարի մը ետք, միջազգային բեմերու կամ հայկական ներքին հարթակներու վրայ, այս իրաւունքներու ամրագրման միասնական կամքի դրսեւորումը կը մնայ տարտամ, սահմաններու յստակացումը, ազգային ինքնորոշման իրաւունքի բարձրաձայնումը կը հնչեն առաւելաբար ընդդիմութեան կողմէ:

Արցախի եւ Հայաստանի ժողովուրդին իրաւունքներու պաշտպանութիւնը մէկ ու միասնական բանաձեւումով եւ վճռակամութեամբ պէտք է հնչեն ե՛ւ ընդդիմութեան, ե՛ւ Հայաստանի դիւանագէտներուն ու քաղաքական գործիչներուն կողմէ: Հակառակ պարագային, թշնամին դիւրաւ պիտի յաջողի իր ապատեղեկատուութեամբ ու քարոզչութեամբ կեղծիքը ընդհանրացնել ու հայկական իրաւունքներուն տիրութեան պայքարը խոչընդոտել:

Արցախի հարցին կարգաւորումը ցարդ կը մնայ անլուծելի, որքան ալ ազրպէյճանաթրքական կողմերը յոխորտան, որ չկայ նման հարց: ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի վերաշխուժացման փորձերը եւս կու գան հաստատելու այս իրողութիւնը: Էականը պաշտպանողական մեր քաղաքականութեան հզօրացումն է, որ ցաւօք վտանգուած է ներկայ իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան պատճառով:

 

 

Նախորդը

Վեհափառ Հայրապետը Այցելեց Ասորի Կաթողիկէ Պատրիարքին

Յաջորդը

Ակնարկ. Պէ՞տք Է Մտահոգուինք Իրան-Ազրպէյճան Լարուածութեամբ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.