Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ՉԻՆԱՍՏԱՆ ԿԸ ՀՆՁԷ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՇՈՒԿԱՆԵՐԸ

February 13, 2012
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Չանկ Տայչինի Ալպեան գագաթները:

ՉԻՆԱՑԻ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՉԱՆԿ ՏԱՅՉԻՆ ԿԸ ՏԱՊԱԼԷ ՓԻՔԱՍՈՆ` ԱՃՈՒՐԴԻ ՎԱՃԱՌԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ԲԱՐՁՐ ՊԱՏՈՒԱՆԴԱՆԷՆ: «ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐէ ՉԻՆԱԿԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՇՈՒԿԱՅԻՆ ՎԵՐԵԼՔԸ:

Չանկ Տայչին միայն 2011-ին շուրջ 506.7 միլիոն տոլար հնձած է աճուրդներու ընթացքին: Իբրեւ լաւագոյն վաճառք արձանագրող գեղանկարիչ` անոր կը յաջորդէ չինացի այլ արուեստագէտ մը` Չի Պայշի: Էնտի Ուորհոլ կը գրաւէ երրորդ դիրքը (անոր գեղանկարները վաճառուած են 324.8 միլիոն տոլարի), իսկ Փիքասօ, որ ժամանակին ամէնէն աւելի վաճառք արձանագրած գեղանկարիչն էր, կը գրաւէ չորրորդ դիրքը (311.6 միլիոն տոլարով): Չինացի այլ արուեստագէտ մը` Շու Պէյհոնկ գրաւած է հինգերորդ դիրքը. անոր գործերուն վաճառքը հասած է 212.9 միլիոն տոլարի:

Աճուրդի ընթացքին արուեստագէտներու արձանագրած վաճառքը ուսումնասիրող «Արթինֆօ» ֆրանսական կեդրոնին համաձայն, չինացի արուեստագէտներու վաճառքին այս յարաճուն վերելքը նկատելի էր որոշ ժամանակէ մը ի վեր: Մինչ արեւմտեան բազմաթիւ շուկաներ կ՛ապրին դրամական համակարգի փլուզումներ, անդին` արուեստի աշխարհին հարուստ գրպանները կը բացուէին Արեւելքի մէջ: Չինաստանի արուեստի շուկան մեծագոյնն է աշխարհի մէջ: Հաւաքածոյ պահող բազմաթիւ չինացիներ սկսած են գնել իրենց երկրին արդի վարպետներուն գործերը:

Չանկ ապրած է 1899-1983, Քի Պայշի` 1864-1957: Ժանկի կարգ մը գործերը վաճառուած են տասնեակ միլիոնաւոր տոլարի. Ալպեան լեռներու անոր մէկ գեղանկարը վաճառուած է 14.77 միլիոն տոլարի, իսկ Քի Պայշիի «Երկար կեանք մը, խաղաղ աշխարհ մը» գեղանկարը 2011-ին վաճառուեցաւ 65 միլիոն տոլարի` ցնցելով արուեստի աշխարհը: «Արթինֆօ» կը նշէ, թէ միայն գործերու քանակը կը տարբերէ Չանկը` Քիէն: Չանկ ծանօթ է չինացի ոեւէ գեղանկարիչի ոճը առանց ճիգի ընդօրինակելու իր կարողութեամբ:

Վերջին 14 տարիներուն Փիքասօ 13 անգամ կը գտնուէր ամէնէն աւելի վաճառք արձանագրած գեղանկարիչներու ցանկին գագաթին, ինչպէս կը նշէ «Արթինֆօ»:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

 

Նախորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)

Յաջորդը

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ՄՈՆԱ ԼԻԶԱՅԻ ԱՌԱՋԻՆ ՕՐԻՆԱԿԸ

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.