Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ՄԵՐՁԵՑՈՒՄ-ԹԱՓԱՆՑՈՒՄԻ ԹՐՔԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԿԸ

February 11, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շրջանային կացութիւնը անմիջականօրէն տագնապալի բնութագրուելու բոլոր բաղադրիչները կը լրացնէ: Հալէպի մէջ կատարուած ականահարումները, զոհերուն թիւը, ընտրուած վայրերը աւելիով կը խորացնեն Սուրիոյ տագնապը` նախանշելով դէպքերուն նոր տարողութեան մը ահագնացումը:

Սուրիոյ զարգացումները անմիջականօրէն կանխող ժամանակահատուածին Անգարայի աննախադէպ մերձեցումը Սուրիոյ, ռազմավարական յատուկ գործընկերութեան համաձայնութիւնը,  մուտքի երկկողմանի արտօնագիրներու դրութեան ջնջումը, առեւտրական եւ տարբեր ոլորտներու վերաբերող ահագին համաձայնագիրներու ստորագրութիւնը փաստօրէն մերձեցում տարազին տակ թրքական թափանցումի գործընթաց կ՛ենթադրէին: Այս պայմաններուն մէջ Սուրիոյ տարածքին գործող 40-է աւելի թուրք սպաներու ներկայութիւնը ինքնին մերձեցումէն շատ անդին հասնող այլ աշխատանքներու յստակ ցուցանիշ է:

Թրքական «մերձեցման» գործօնը այսպէս կը բանի. եւ այս մէկը պէտք է դիտարկել Անգարայի կողմէ յայտարարուած  «զերօ խնդիրներ դրացիներու հետ» կարգախօսը կրող արտաքին քաղաքականութեան ընդհանուր շրջագիծին մէջ: Ի վերջոյ Սուրիան դրացի պետութիւն է Թուրքիոյ, որուն հետ այս ձեւով զերոյի կը հաւասարին գոյութիւն ունեցող խնդիրները…

Նախադրեալները կը նախանշեն, որ Անգարայի թափանցողական մերձեցումը քաոսային այլ իրավիճակներ կը նախապատրաստէ Սուրիոյ համար:

Նման մերձեցման քաղաքականութենէ զերծ չէ նաեւ Լիբանանը, ուր այլապէս անհանգիստ կացութիւն կը տիրէ: Կառավարութեան մէկ նիստին արձանագրուած անհամաձայնութիւն մը իր տարողութենէն դուրս կու գայ եւ կը յանգի կառավարութեան աշխատանքի սառեցումին: Շատ աւելի սուր անհամաձայնութիւններ նախապէս նոյնիսկ տարբեր բեւեռներէ կազմուած դիւրաբեկ կառավարութիւններու օրերուն հազուագիւտ պարագաներու կ՛առաջնորդուէին անել փակուղիներու: Հիմա յայտնապէս պատրուակի տպաւորութիւն կը ձգէ պետական նշանակումներու առիթով ստեղծուած անհամաձայնութիւնը նման առկախումներու հասնելու համար:

Առաւելագոյն անհամաձայնութիւն մը կրնար անորոշ թուականով յետաձգել օրակարգի կէտը եւ ոչ թէ անդամալուծել կառավարութեան աշխատանքները: Մանաւանդ երբ բազմաթիւ ոլորտներու պարագային կան կենսական խնդիրներ ուղղակիօրէն եւ անմիջական կարգով կապուած քաղաքացիներու կենցաղին, կարիքներուն, տարրական իրաւունքներուն հետ:

Կը թուի, որ սպասողական հանգրուանի մէջ է Լիբանանը, որ իր աշխարհագրական, քաղաքական եւ ընդհանուր համակարգային դրուածքով անմիջական ազդեցութիւնը կը կրէ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն, հասկնալիօրէն: Ճիշդ այստեղ է ուրեմն, որ Անգարայի մերձեցման քաղաքականութեան հետեւանքներուն հետ հաշուի նստելու խնդիր կը դիմագրաւեն լիբանանեան կողմերը: Հարաւային Լիբանանի մէջ թրքական զօրամիաւորներուն ինքնաառաջադրուիլը, բարեսիրական քողին տակ հիւանդանոցներու կառուցումը, կրթականին անուան տակ դպրոցներ վերանորոգելը, մշակութային բնոյթի նախաձեռնութիւնները, լիբանանցի լրագրողներու դարպասումը եւ տնտեսական զարգացման նպատակին տակ հսկայական գործառնութիւններով Պէյրութի մեծ դռներէն ներս մտնելը ի վերջոյ որոշ քաղաքականութեան մը կիրարկման համար անհրաժեշտ շղթային տարբեր օղակներն են պարզապէս:

Լիբանանեան քաղաքական միտքը, անկախ համայնքային նկատառումներէ, պէտք է կարենայ գնահատական տալ այսօրուան Սուրիոյ մէջ Անգարայի ունեցած դերակատարութեան` եզրակացնելու համար, թէ ի՛նչ հետեւանքներ ունեցաւ Անգարայի վարիչներուն կիրարկած ցուցական մերձեցումը Դամասկոսի նկատմամբ, մանաւանդ որ մերձեցման պէյրութեան տարբերակը տակաւին երէկ ՄԱԿ-ի խորհրդաժողովներու շղարշին տակ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը կը շարունակէր ցուցադրել երկրի քաղաքական թէ կրօնական պետերուն:

Շրջանին մէջ թրքական գործօնին աշխուժացման պատճառահետեւանքային գնահատականը կատարելու պահն է. հիմա՛:

Նախորդը

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՄԱՀԱՔՈՒՆԻ ՄԷՋ ՄՏԱԾ Է

Յաջորդը

ՄԵՐՁԵՑՈՒՄ-ԹԱՓԱՆՑՈՒՄԻ ԹՐՔԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԿԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.