Երէկ` չորեքշաբթի, 15 սեպտեմբեր 2021-ին, Ազգային ժողով-կառավարութիւն հարցուպատասխանի ժամանակ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` անդրադառնալով Գորիս-Կապան մայրուղիի Որոտանի հատուածին մէջ ազրպէյճանական ոստիկանական անցակէտի տեղադրման վերաբերեալ դիտարկման ու հարցումին, թէ ինչո՞ւ կը կանգնեցնեն իրանեան փոխադրամիջոցները եւ գումար կը գանձեն, յայտնեց, որ դեկտեմբեր 2020-ին կատարուած` Հայաստանի զինուած ուժերու դիրքերը Խորհրդային Միութեան կողմէ ժառանգուած սահմաններուն համապատասխանեցնելու գործընթացով այդ հատուածները դուրս կը մնան Հայաստանի տարածքէն:
Ըստ Փաշինեանի, հայ-ազրպէյճանական սահմանագիծին երկայնքին տեղի ունեցող իրադարձութիւնները ունին բազմաթիւ շերտեր, զորս կարեւոր է ճիշդ ընկալել ու թարգմանել:
Ըստ Փաշինեանի, դեկտեմբեր 2020-ին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է, որ այդ ճամբան անարգել կերպով պէտք է օգտագործուի Հայաստանի փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու տարանցման համար:
Թէ ինչո՛ւ ինք օգտագործած է Էյվազլի եւ Չայզամի ազրպէյճանական տեղանունները` Փաշինեան ըսաւ. «Ատիկա կատարուած է պարզ պատճառով, որ Հայաստանի քաղաքացիներուն համար յստակ ըլլայ, որ խնդրոյ առարկայ կէտերը կը գտնուին ոչ թէ Հայաստանի կամ Հայաստանի Խորհրդային Հանրապետութեան տարածքին մէջ, այլ այդ տարածքէն դուրս, որ Հայաստանը տէ ժիւրէ ընդունած է 2010-ին ընդունուած վարչատարածքային բաժանման օրէնքով»:
Նիկոլ Փաշինեան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ նշեց, որ իբրեւ յաջորդ քայլ պէտք է քայլերու ձեռնարկել այդ խօսակցութիւնը (հայ-թրքական) սկսելու համար: Այդ խօսակցութիւնը կրնայ աշխատանքային ըլլալ. «Եւ ես կը կարծեմ, որ խօսակցութիւնը տրամաբանօրէն պէտք է ըլլայ նախ աշխատանքային, ապա եթէ տեսնենք, որ կան յստակ արդիւնքներ արձանագրելու կարելիութիւններ, պիտի ըլլայ եւ կրնան ըլլալ նաեւ հրապարակային: Այս պահու դրութեամբ մենք կը գործենք այն շրջանակներուն մէջ, ինչ որ յայտարարած ենք եւ կը պատրաստուինք այդ ուղղութեամբ յառաջ երթալ», աւելցուց ան: