ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Էութենական.- Համավարակը փակեց սրահներուն դռները եւ արգիլեց դերակատար-հանդիսատեսի միջեւ անմիջական հաղորդակցութիւնը: Այդ կը թուէր մահացու հարուած ըլլալ: Թատրոնի մարդիկ, սակայն, մերժեցին յանձնուիլ եւ յանկարծ վրայ տուած մթութեան մէջ սկսան խարխափել` գտնելու համար գոյատեւման միջոցներ:
Պարզ է, որ համավարակի պայմաններուն մէջ կարելի չէր նոյն ձեւով շարունակել: Բայց ինչպէ՞ս կարելի է փոխել ձեւը` առանց փոխելու էութիւնը: Այստեղ կը ծագին փիլիսոփայական հարցեր, որոնք չունին աներկբայ լուծում: Թէ ի՞նչն է էական թատրոնի մէջ, թէ ի՞նչն է «թատերական»` չունին աներկբայ պատասխաններ: Կրնայ թուիլ, որ լուծումները կը բխին անհատական փորձէ եւ նախասիրութիւններէ, բայց թատրոնը գերազանցօրէն քաղաքական արուեստ է, հետեւաբար ընտրանքները խորքին մէջ ունին քաղաքական կողմնորոշում:
Առկայ է այլ մտահոգութիւն. փակումի պատճառով արդէն իսկ կիսա-անգործ երիտասարդ տաղանդաւոր աշխատողները կորսնցնելու վտանգը: Թատրոնի մարդոց առաջին հակազդեցութիւնն էր առողջապահական պայմանները ըստ կարելւոյն յարգող սրահներու մէջ ներկայացնել կարճատեւ գործեր, որպէսզի հանդիսատեսին հետ կապը պահպանուի: Փորձեր կան նաեւ անցեալի յաջող բեմադրութիւններ յարմարեցնելու առցանց ցուցադրութեան: Վճարումը ի հարկէ շատ աւելի փոքր է, քան` մուտքի տոմսերու գինը: Այդ կը կոչուի «streaming» (առուակում, հոսք): Կայ, սակայն, բեմադրութեան եւ կատարումի հարց: Այդ ելոյթները կենդանի էին` ուղղուած սրահներու, մինչդեռ ներկայիս իր տան մէջ փակուած հանդիսատեսը պաստառի մը դիմաց առանձին է: Մշակոյթի նախարար… ներողութիւն, պիտի ըսէի տեղակալ Արա Խզմալեան դրական կը համարէ քամերայի մուտքը: Կ՛ենթադրէ, որ թատրոնը այդպիսով կը ստանայ յաւելեալ շարժապատկերային հմայք:
Արեւմուտքի մէջ, ուր նիւթական պայմանները յարմարաւէտ են, բազմաթիւ մարդիկ սկսան համավարակը տեսնել որպէս մարտահրաւէր` կատարումի նոր միջոցներ ստեղծելու համար: Այդ միջոցներուն մէջ տիրապետողը «Զում»-ն է: Կան բազմաթիւ հարցեր: Հարկ է, որ թատրոնի մարդիկ ձեռք բերեն շարժապատկերի որոշ հմտութիւններ: Քամերան եւ հանդիսատեսի աչքերը նոյն ձեւով չեն ընկալեր: Նմանապէս` ոչ ալ պատահական սենեակի մը մէջ գտնուող ձայնի ընկալուչը եւ սրահի մէջ գտնուող հանդիսատեսին ականջը:
Բ.- Արհեստական իրականութիւն (Virtual Reality).- «Զում»-ը կը կատարուի քանի մը քամերաներու հաւանաբար տարբեր վայրերու եւ տարբեր ժամանակներու մէջ կատարած արձանագրութիւններու մեծապէս խմբագրուած ագուցումով (մոնթաժ): Այստեղ կը ծագի բարդագոյն հարց. ինչպէ՞ս ստեղծել ներկայի պատրանքը մը, ուր կատարողները կը գտնուին եւ կը հաղորդակցին միեւնոյն ոլորտին մէջ: Այլապէս ելոյթը կը վերածուի անջատ մենախօսութիւններու տաղտկալի շարանի մը: Այդ «ագուցումը» ձեւով մը թուային տարբերակն է դերակատարներու բեմական տեղադրումին (blocking): Այս յատկապէս դժուար է, երբ կարգ մը հատուածներ կենդանի խաղարկութիւններ են, իսկ այլ հատուածներ` արձանագրութիւններ: Պարզ է, որ միայն սակաւաթիւ տաղանդաւոր մարդիկ կը յաջողին այդ իրագործել: Քննադատ մը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բեմադրիչի մը, որովհետեւ անոր ելոյթի որակը առնուազն արժանի էր խիստ քննադատութեան:
Համացանցը արդէն իսկ խճողուած է «Զում» արհեստագիտութեան դասընթացքներու ծանուցումներով:
Կատարողական.- «Զում»-ի դերակատարը կտրուած է հողէն, չունի ոտնատեղի, չունի միջավայր, հետեւաբար չունի արեւելում: «Զում»-ի խաղարկութիւնը չի կրնար ըլլալ այն, ինչ որ է խաղընկերներու հետ կենդանի կատարումը բեմի վրայ, սրահի մը առաջ: Այժմ կ՛առաջադրուին թատերական կատարման եւ ընկալման նոր, վիճելի ըմբռնումներ: Անոնցմէ մէկն է «միջեւութիւնը» (betweenness): Երկխօսութիւն կատարող դերակատարները կը նային քամերային, այսինքն` հանդիսատեսին: Գաղափարը այն է, որ անոնք կը հաղորդակցին հանդիսատեսին ընդմէջէն: Հանդիսատեսը անոնց «միջեւ» է, անոնց հաղորդակցութեան «միջոց»-ն է, «միջնորդ»-ը, հետեւաբար հաղորդակից կը դառնայ անոնց բոլոր զգացումներուն եւ գործողութեան:
Բեմադրիչներ կը թելադրեն, որ խաղարկութիւնը ըլլայ պարկեշտ, ոչ յաւակնոտ եւ բնականապաշտ: Ոչ բեմական-ցուցադրական: Բայց ինչպէ՞ս կարելի է արհեստական ոլորտի մէջ վարուիլ «բնական»: Համավարակի պայմաններու մէջ արդիւնքը ընդհանրապէս կ՛ըլլայ մելամաղձոտ զեղում մը: Նոր ձեւաչափի թատրոնը պիտի ունենայ կատարումի նոր ըմբռնումներ, բայց կանուխ է այդ մասին հաստատումներ կատարելու համար:
Միջնորդուած երկխօսութիւնը կ՛ենթադրէ նոր ձեւի բեմագրութիւն, նոր ձեւի թատերագրութիւն: Ցաւօք տակաւին չեմ հանդիպած որեւէ տպաւորիչ նմուշի: Ինծի հասանելի երկխօսութիւնները կը դառնան առօրեայ մանրուքներու շուրջ: Յետարդիական այս դարուն այլեւս չկան հաւաքական մեծ ասքեր, կան լոկ տարանջատ մանրուքներ:
«Սրահ»-ի թուային ընկալում.- Ոչինչ կրնայ համարժէք ըլլալ կենդանի կատարումի եւ կենդանի սրահի փոխընկալումը: Այդ կախարդական մթնոլորտը ստեղծել անկարելի է, երբ ե՛ւ հանդիսատեսները ե՛ւ դերակատարները կը գտնուին տարանջատ խուցերու մէջ: «Զում»-ով խանդավառ մարդիկ կ՛առաջադրեն (կը յուսան) այդ կատարել թուային միջոցներով: Հանդիսատեսները կրնան իրարու հետ կապուիլ «Թուիթըր» եւ «Ուաթսափ»-ի նման, բայց` աւելի զարգացած միջոցներով: Թերեւս կարելի է պատրաստել վիճակագրական պաստառներ, որոնք ցոյց կու տան «սրահի» հակազդեցութիւնը: Այս նման է համացանցի տեղադրումներու տակ ցոյց տրուած հակազդեցութիւններու (օրինակ` 16 «լայք», 4 «ապշանք», 2 «զայրոյթ» եւ այլն): Ընտրանքները, սակայն, միշտ պիտի մնան սահմանափակ, մինչդեռ կենդանի հանդիսատեսի ընկալումը անսահմանափակ է: Թերեւս կարելի է տալ նաեւ «սրահ»-ի արտադրած ձայներու գումարը: Կ՛ենթադրեմ, որ եթէ այս ուղղութեամբ յաջող փորձեր կատարուած ըլլային, անպայման որ շռնթալից կերպով պիտի հրապարակուէին համացանցի վրայ:
Զուգահեռներ` ակունքի հետ.- Տարօրինակ կրնայ թուիլ, բայց մերօրեայ «Զում»-ային ելոյթներու կատարումը որոշ նմանութիւն ունի հին յունական թատրոնի կատարումներուն հետ:
Յոյն դերակատարները կը կրէին սաղաւարտանման դիմակներ (տես կողքի նկարը), որոնք կը պարփակէին գլուխը եւ գրեթէ ամբողջապէս կը խափանէին անոնց տեսադաշտը: Դժբախտաբար ոչ մէկ դիմակ պահպանուած է, որովհետեւ կը պատրաստուէին փճացող նիւթերէ: Հաւանաբար` կրաշաղախ կերպաս, որուն կ՛աւելցուէր կեղծամ, երբ յարիր էր: Այժմ կան միայն դիմակներու պատկերումները կարասներու վրայ եւ այլուր: Կողքի պատկերը ցոյց կու տայ, որ աչքերու բացուածքները փոքր էին: Այդ կը պարտադրէր, որ դերասանը իր խաղարկութիւնը հիմնէ իր բեմի մտապատկերին վրայ: Նաեւ, որ աւելի կատարեալ գիտակցութիւն ունենայ իր մարմնի դիրքին եւ շարժուձեւերուն:
Դերասանները այրեր էին: Դիմակներու ներքին ծաւալը այնպիսին էր, որ կը զօրացնէր արական ձայնի (զայն կրողի եւ իր խաղակիցներու) ձայնաւոր հնչիւնները, յատկապէս` բարձրաձայնուած ա օ ու (2):
Երբ խափանուած է տեսադաշտը, դերակատարի մտապատկերը հիմնուած կ’ըլլար իր լսողութեան վրայ: Երկխօսութիւնը կը կատարուէր անձերու միջեւ, որոնք զիրար գրեթէ չէին տեսներ: Այնպէս, ինչպէս «Զում» քամերայի առաջ գտնուող դերակատար մը հաւանաբար իր տեսադաշտին մէջ չունի խաղընկերը, որ կը գտնուի այլ քամերայի առաջ:
Թատրոնի ակունքներուն հետ այլ զուգահեռ մը այն է, որ երբ «Զում»-ի պաստառը ցոյց կու տայ միայն դերակատարները, խորապատկերը եւ այլ տեղեկութիւններ կը տրուին պատումի միջոցով: Այս յիշել կու տայ հին յունական եւ շէյքսփիրեան թատրոնները, ուր բեմայարդարում չկար: Հանդիսատեսին տեսարանի սկզբին բանաւոր կերպով կը թելադրուէր երեւակայել տուեալ միջավայրը:
Երրորդ (լոկ ձեւական) զուգահեռը այն է, որ հին յունական թատրոնը եւ միջնադարեան «ցուցք»-երը բացօթեայ էին, ինչպէս` ընկերային հեռաւորութիւն պահպանող ներկայ ելոյթները:(4)
Դիպաշարի նմուշ մը.- «Էկոն Թիչիի եօթներորդ ճամբորդութիւնը» (youtube.com/watch?v=kUdbfccjRek), որ հիմնուած է լեհ Սթանիսլաւ Լեմի (1921-2006) նոյնանուն պատմուածքին վրայ: Լեմ հեղինակն է «Սոլարիս» գիտաերեւակայական վէպին, որ շարժապատկերի վերածուած է տաղանդաւոր բեմադրիչներ Թարքովսքիի (1972), Սոտեմպերկի (2002) եւ այլոց կողմէ: Երկու պատումներուն միակ հերոսը առանձին է վթարուած եւ կորած անջրպետանաւի մէջ: Կացութիւն մը, որ յոյժ յարիր է մեր ներկային:
Կելպի աստղանաւը կը բախի անջրպետի մէջ թափառող անհամար ժայռաբեկորներէն մէկուն եւ կը վթարուի: Նորոգութեան համար անհրաժեշտ է օգնական երկրորդ անձ: Կելպ աստղանաւը կ՛ուղղէ դէպի «ձգողական յորձանուտ» մը (gravitational vortex), որ զինք կը փոխադրէ դէպի անցեալ եւ այդպիսով կարելի կը դարձնէ ինքզինք կրկնօրինակել: ( Այդ ի հարկէ պարզապէս հեղինակային հնարք է): Նորոգութիւնը կը ձախողի, եւ աստղանաւը կրկին ու կրկին կ՛իյնայ յորձանուտին մէջ, կը յայտնուին անցեալէն իրերայաջորդ բազմաթիւ «Կելպ»-եր: Ներկայ Կելպ կը սկսի վիճիլ անցեալի կելպերու հետ եւ պայքարիլ անոնց դէմ: Համավարակի պարտադրած մեկուսացումին մէջ թերեւս ամէն ոք հաշուեյարդարի մտած` կը պայքարի իր անցեալի ստուերներուն հետ:Հերոսը կը մնայ անդուլ կրկնուող պտուտքի մէջ, չկայ ուղղորդուած զարգացում: Այդ եւս, ցաւօք, յարիր է մեր կացութեան:
Քննադատներու ուշադրութեան եւ քննադատութեան արժանացած այլ «շարան» մըն է Ռիչըրտ Նելսընի «Զում»-ային թատերակները, որոնք ծաղրանկարային ձեւով կը չափազանցեն Արիստոտէլի ձեւաչափը (մէկ վայր, մէկ օր, մէկ գործողութիւն): Ընտանիք մը (Apple Family) ընթրիքի սեղանին վրայ կը զրուցէ առօրեայ նիւթերու շուրջ: Բայց ինչպէ՞ս կարելի է, որ տաղտկալի առօրեան ստանայ թատերական բնոյթ: Գործը հարթ հայելի մըն է, որ կը ցոլացնէ մեր հաւաքական անձկութիւնը, մեր տխուր ներկան, ուր բոլորը կարիք ունին հարազատներու ջերմութեան: Այդ յուզիչ է, բայց թատրոնը հարկ է, որ կատարէ շատ աւելին, առաջադրէ հարցադրումներ, որոնք կը կարօտին հաւաքական քննարկումի, մեր մեկուսացման խուցերէն դէպի դուրս բանայ պատուհաններ:
Ահաւորը` միայն շեղակի.- Շէյքսփիր ծնած է համաճարակի ընթացքին: Իր ծնողները, որ արդէն իսկ երկու զաւակ կորսնցուցած էին, ապաստանած էին գաւառի մէջ` փրկելու համար երրորդը` զինք (3): Համաճարակի այլ ալիքի մը ընթացքին Շէյքսփիր ինք եւս ապաստանած է գաւառ եւ գրած` առնուազն հինգ թատրերգութիւններ: Հանճարեղ արուեստագէտը, որ այդքան խոր ապրած է խոցը, իր գործերուն մէջ միայն անուղղակի ակնարկներով հպանցիկ կ՛անդրադառնայ համաճարակի բներգին: Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթի մէջ աբեղան չի կրնար Ռոմէոյին հաղորդել Ժիւլիէթի կեղծ մահը, որովհետեւ արգելափակուած էր վարակուած տան մը մէջ: Հետեւանքը կ՛ըլլայ ողբերգական:
Պուշկին, որ ապրած է Ռուսիոյ առաջին քոլերա համաճարակի շրջանին, ունի մէկ արարնոց երգախառն (կը կրկնեմ, երգախառն) թատրերգութիւն մը` «Խրախճանք ժանտախտի ժամանակ» (1832), ուր մարդիկ համաճարակին մարտահրաւէր կը կարդան փողոցը խրախճանք կազմակերպելով: Կրօնական մը, որ վարակը երկնային պատիժ կը համարէր, կը ցրուէ զիրենք:
Ներկայ համավարակի ընթացքին թատրոնի բազմաթիւ մարդոց ուշադրութիւնը գրաւեց եւ կը շարունակէ գրաւել 14-րդ դարու Սեւ ժանտախտի ընթացքին յօրինուած այլ երկ մը` Ճ. Պոքաչիոյի «Decameron» (1453 յունարէն Տեքա-Էմէրոն կը նշանակէ «Տասնօր»), որ հիմնադրական դեր ունեցած է Վերածնունդի գրականութեան մէջ: Ֆլորենսացի տասը ունեւոր երիտասարդներ (7 կին եւ 3 այր) համավարակէն փրկուելու համար, այո՛, կ՛ապաստանին գաւառի ամարանոց մը: Ահն ու խոցը կը յաղթահարեն տասը օր զուարճանալով եւ 100 «ազատամիտ» անեկդոտներ պատմելով: Երկը բազմաթիւ թատերական աւարտաճառերու նիւթ դարձած է: Առնուազն երեք արհեստավարժ խումբեր զայն ունին իրենց խաղացանկին վրայ: Կարգ մը տարբերակներ երաժշտական կամ երաժշտախառն են, ինչպէս` «Պուշկինի խրախճանք»-ը: Խմբական երգը թերեւս յաւելեալ սփոփանք կը բերէ այլապէս ցաւոտ ելոյթին: Նկատել` երաժշտական գործիքները պատմական գծանկարին, ինչպէս եւ Սունդուկեանի ելոյթի լուսանկարին մէջ: Այդ մասին` աւելի ուշ:
«Տեքամերոն»-ը յատկապէս յարմար է «Զում»-ային ելոյթներուն, որովհետեւ անջատ պատումներու շարան մըն է: Նաեւ համահունչ է յետարդիական մօտեցումին, որովհետեւ կը ներկայացնէ «խճանկար» մը, այլ ոչ որեւէ կուռ ասք թելադրող համայնապատկեր:
Անկոչ ոտնձգութիւնը կրնայ դառնալ մնայուն.- Թատերական թուային տարբերակները արդէն իսկ գոյացուցած են շահաբեր շուկայ: Առցանց դիտողներու թիւը շատ աւելի մեծ է, քան` վաճառուած տոմսերու: Իսկ վճարումը բնաւ արհամարհելի չէ: Նոյնիսկ յարգելի թատրոններ (ինչպէս` Royal Shakespeare Company) չեն հրաժարիր այդ յաւելեալ եկամուտէն: Քամերան, աւելի ճշգրտօրէն, բազմաթիւ քամերաներ այլեւս մնայուն ներկայութիւն պիտի ըլլան բեմերու վրայ: Կ՛իմացուինք, որ Լոնտոնի թատրոններուն կէսը կը պատրաստուի «Քորոնա»-ի (Տէրը կամենայ` կանուխ) աւարտէն ետք իսկ շարունակել զանոնք: Այս ուղղութեամբ յատկապէս խանդավառ են անոնք, որոնք համակարգչային միջամտութեամբ թուային տարբերակները կը վերածեն վիտէօ- խաղի մը, ուր դիտողը հնարաւորութիւն ունի տարբերակներու միջեւ ընտրութիւններ կատարելու: Յստակ չէ, թէ այդ արտադրութիւնները ո՛ր սեռին կը պատկանին` թատրոնի՞, թէ՞ վիտէօ-ժամանցի:
Քաղաքական.- «Զումապաշտ»-ներ համոզուած են, որ արհեստագիտութեան ընծայած առաւելութիւններուն շնորհիւ, ինչպէս` թուային անկաշկանդ գրաւիչ բեմայարդարում, երեք տարածաչափային (3D) քամերաներ, բազմաթիւ դերակատարներու մասնակցութեան հնարաւորութիւն եւ այլն, պիտի վերացնեն նոր «թատրոն»-ի հանդէպ վերապահութիւնները(1): Հիմնական վերապահութիւնը, սակայն, ոչ թէ արհեստագիտական կամ գեղագիտական է, այլ` ընկերային- քաղաքական:
Իշխանութիւններ համավարակի պատրուակով կը սաստկացնեն իրենց հակակշիռը ընկերութեան վրայ: Կ՛արգիլուին հաւաքները, կը սահմանափակուին եւ կը հսկուին մարդոց շարժումները: Շէյքսփիրի օրով այդ կը կատարուէր նախնական միջոցներով: Այժմ, փա՛ռք Տիրոջ, կան դէմքեր ճանչնալու ատակ անշարժ եւ թռչող սարքեր (տրոններ), կարելի է հետեւիլ հեռախօսներու շարժումին եւ խօսակցութեան, «Կուկըլ» եւ «քուքի»-ներ կը վերլուծեն մեր բոլոր հակումները եւ հետաքրքրութիւնները: Անհնազանդ մարդիկ կը համարուին անպատասխանատու եւ վտանգաւոր տարրեր, հետեւաբար արժանի` արդար պատիժի: Ազատութեան համար մղուող պայքարը այժմ կը պահանջէ աւելի մեծ զոհողութիւն, բայց այժմ աւելի մեծ է նաեւ զայն կորսնցնելու վտանգը:
Յետարդիական ընկերութեան մէջ հաւանաբար «Զում-թատրոն»-ի համար պիտի կազմուի լայն, շահաբեր շուկայ: Մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կը նահանջեն շարժապատկերի մեծ սրահները, ուր սերունդ մը առաջ յաճախ տօնական մթնոլորտ կը տիրէր: Փոխարէնը` կը ծաւալի «Եութիւպ»-ը, զոր կը դիտեն մարդիկ առանձին: «Զում»-ը եւս ուղղուած է դէպի տարանջատ անհատներ, որոնք չեն կազմեր հաւաքականութիւն, չեն կրնար ունենալ հաւաքական տեսլական: Մինչդեռ կենդանի սրահի առաջ կենդանի բեմի վրայ կատարուող թատրոնին հիմնական նպատակը եղած է նպաստել, որ ձեւաւորուի հաւաքական տեսլական, որ, ի դէպ, կրնայ ի նպաստ չըլլալ իշխանութեան: Սրահներու մէջ կրնայ տիրել մթնոլորտ, մինչդեռ անջատ պաստառներու առաջ կը տիրեն դիւրաւ կառավարելի անհատական խայտաբղէտ անվտանգ նախասիրութիւններ: «Զում»-ը պիտի գովաբանուի եւ մղուի առաջ, որովհետեւ կը նպաստէ տիրող համակարգի գոյատեւման:
Հարկ է նեցուկ կանգնիլ այն մարդոց, որոնք պիտի ջանան ոտքի պահել կենդանի թատրոնը:
Պատկերներ Հայաստանէն.- Հայաստանի մէջ եւս համավարակը կը գործէ աւերներ եւ կը պատճառէ հաւաքական անձկութիւն: Բայց, հետեւելով թատրոնի մարդոց ելոյթներուն, կը նկատենք, որ այդտեղ առաջնահերթ է այլ առաջադրանք` ինչպէ՞ս ամոքել ահաւոր կորուստներու խոցերը եւ մեղմել ընկերութեան պառակտումը:
Գլխաւոր թատրոններու խաղացանկերը որեւէ ձեւով չեն ցոլացներ համավարակի ներկայութիւնը: Ընդհակառակն, «Տեքամերոն»-ը, որ անցեալ տարի Լիլի Էլբակեանի կողմէ վերածուած էր «Սէր, խրախճանք, ժանտախտ» վերնագիրով երաժշտախառն թատրերգութեան եւ ներկայացուած` որպէս Սունդուկեան թատրոնի թատերաշրջանի բացման ներկայացում, այժմ վերցուած է խաղացանկէն: Անցեալ տարի առնուած էր այլ դրական քայլ մը եւս. թատրոնի կից այգիին մէջ հաստատուած էր 50 տեղանոց բացօթեայ թատրոն` իր «Սեւ տուփ» կոչուող հարթակով, ուր երիտասարդ բեմադրիչներ առիթ պիտի ունենային փորձառական գործեր ներկայացնելու:
Գիւմրիի տրամաթիքական թատրոնը կը պատրաստէ պարզ եւ թեթեւ կատակերգութիւններ, որոնք կը խօսին սիրոյ եւ համերաշխութեան մասին, կը փորձեն դրական լիցքեր փոխանցել հանդիսատեսին: Բացումը պիտի կատարուի «Քէյս» (պայուսակ) զաւեշտով, որ ունի բարոյախօսական բնոյթ եւ բարեզարդ աւարտ: Գովազդային տեսաերիզէն դատած (watch/?v=766012204031405)` բեմադրութիւնը կը թուի անտեսած ըլլալ համավարակի սահմանափակումները:
Կը թուի, թէ Թիֆլիսի Ադամեանի անուան թատրոնը եւս կը պատրաստէ թեթեւ գործեր, ինչպէս` վրացի Ն. Միրզիաշվիլիի «Եկ, թանկօ պարենք» կատակերգութիւնը:
Հայաստանի մէջ «Streaming»-ի ինծի ծանօթ միակ օրինակն է Նարեկ Դուրեանի «Հեռուստաթատրոն» կէս ժամնոց թատերակներու շարքը, որ կը սփռուի Հ1-ի կողմէ, շաբաթական դրութեամբ: Ծրագիրը դրական է առնուազն երկու իմաստով.
Ա.- Կանգուն կը պահէ բեմի վրայ կենդանի կատարումի աւանդը:
Բ.- Աշխատանք կը հայթայթէ առնուազն 10 դերասաններու, որոնցմէ չորսը մնջախաղով կը հարստացնեն ելոյթները (տե՛ս կողքի նկարը), ինչպէս նաեւ` թատրոնի թեքնիք կազմին:
Իմ դիտած 30 վարկեան տեւող շուրջ վեց ելոյթները հիմնուած էին Ստեփան Զօրեանի (1889-1967) եւ այլ չեխովեան թախծոտ հիւմըրի պատմուածքներու վրայ: Դուրեան անձամբ կը կարդայ չեխովաշունչ բնագրերը: Այս իմաստով շարքը նման է Նիլ Սայմընի «Բարի բժիշկը» թատրերգութեան, որ ոչ հեռու անցեալին ներկայացուեցաւ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան»-ի բեմին վրայ: Բեմայարդարումը կը կատարուի գրեթէ բացառապէս պատկառելի ծաւալի գիրքերով` թերեւս ակնարկելու համար ելոյթի հիմնուած ըլլալը դասական գրականութեան վրայ: Միակ ելոյթը, ուր կարելի է այլաբանական ակնարկ նկատել համավարակին, «Գիսաւորը եւ ժամկոչ Անտոն»-ն էր, ուր խեղճուկ գիւղ մը անտեղի խուճապի կը մատնուի, երբ կ’իմանայ, որ գիսաւոր մը պիտի հարուածէ եւ կիսէ երկրագունդը:
Ինծի ծանօթ չէ որեւէ թատրերգութիւն, որ ուղղակի եւ լիարժէք որպէս բներգ ձեռք կ՛առնէ անցեալ կամ ներկայ համավարակ մը: Կը թուի, թէ ահաւոր աղէտներ մնացած են եւ կը մնան առաւելագոյնս խորապատկերի մէջ: Ոչ մէկ թատրերգութիւն ուղղակի ձեռք կ՛առնէ ներկայ համավարակը: Նոյն խուսափողական մօտեցումը կը նկատուի շարժապատկերի մարզին մէջ: Այդ նիւթին նախապէս անդրադարձած եմ (5):
—————–
- Sarah Rappaport London Is Leading a Post-Pandemic Theater Streaming Revolution Screentime May 20
- Որովհետեւ այդ ձայները կազմող թրթռացումները Formant Frequencies համեմատաբար դանդաղ են:
- Անձնապէս բախտը ունեցած եմ այցելելու այդ առանձնատունը:
- «Միջնադարեան թատրոնը Հայաստանի մէջ», «Ազդակ» Նոր տարուան բացառիկ, 2018:
- «Համավարակի պատկերումը սպիտակ պաստառի վրայ», «Ազդակ», 12 յուլիս 2021:
Կարդալ «ԱՅԼԱՓՈԽՈՒՄԸ»