Նախանցեալ օր, «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Գ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ֆինլանտայի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԻՔ-Նեֆթչի մրցումը:
Նշուեցաւ, որ ազրպէյճանցի համակիրներուն այս մրցումին արգիլուեցաւ իրենց երկրին դրօշակներով դաշտ մուտք գործել:
Ֆինլանտական կազմը, դարձի այս մրցումին 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, մրցաշարքէն դուրս ձգեց ազրպէյճանական խումբը: