Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երրորդ ճակատումին, Տինամօ երրորդ մրցումին եւս յաղթեց իր մրցակիցին` Անդրանիկ Պէյրութի, այս անգամ` 70-57 արդիւնքով:
Այսպիսով, Տինամօ 3-0 արդիւնքով գերազանցելով Անդրանիկը, հանդիսացաւ Բ. դասակարգի ախոյեան:
Անոնք երկուքը իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանին:
Մրցումին աւարտին Տինամօ իր տիտղոսը ստացաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի Ա. փոխնախագահ Տումեթ Քալլապէն:
Այս երրորդ մրցումին իրաւարարներն էին Ատել Խուէյրի, Քլոտ Ապի Նաժըմ եւ Ճենիֆըր Ամմուրի:



