Ռումանիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց խմբային ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի հանդիպումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ճատրակի յառաջատար Էլինա Դանիէլեան սեւ քարերով յաղթեց ազրպէյճանցի Զէյնապ Մամետեարովին:
Հայաստանի ներկայացուցիչներէն յաղթանակ արձանագրեցին նաեւ Աննա Սարգսեան, Մարիամ Մկրտչեան, Մարիա Գէորգեան եւ Սիրանուշ Ղուկասեան:
Լիլիթ Մկրտչեան արձանագրեց հաւասարութիւն մը, մինչ Սուսաննա Գաբոյեան պարտութիւն մը կրեց:
Բ. հանգրուանի հանդիպումներէն ետք, այժմ Դանիէլեան եւ Սարգսեան, որոնք արձանագրած են երկուքական յաղթանակ, 16 յառաջատարներուն կարգին են:
Այստեղ կարեւորութեամբ կ՛արժէ նշել, որ ախոյեանութեան գլխաւոր իրաւարարն է Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին իրաւարարներու յանձնախումբի նախագահ, միջազգային կարգի իրաւարար Աշոտ Վարդապետեան:



