Երէկ` չորեքշաբթի, 11 օգոստոսին արժանթինցի միջազգային յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, պաշտօնապէս դարձաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի ֆութպոլիստ` 2 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով իր նոր ակումբին հետ:
Ան նախանցեալ օր բժշկական յաջող քննութիւններու ենթարկուելէ ետք ստորագրեց իր պայմանագրութիւնը` զայն մէկ տարիով երկարաձգելու կարելիութեամբ:
34 տարեկան Մեսսի փարիզեան կազմին հետ պիտի կրէ թիւ 30 մարզաշապիկը, որուն հետ ան իր նորամուտը նշած էր 2005-ին` Պարսելոնայի հետ:
Այստեղ նշենք, որ 1 յուլիսին անոր պայմանագրութիւնը` քաթալոնական Պարսելոնայի հետ աւարտեցաւ, որմէ ետք ան բնականաբար դարձաւ ազատ մարզիկ մը:



