Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր կը կատարուի Տինամօ-Անդրանիկ Պէյրութ առաջին մրցումը:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 17:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ:
Երկու խումբերը երկրորդ անգամ իրարու դէմ յանդիման կու գան երկու օր ետք:


