Հայաստանի կառավարութեան որոշումով, սամպոյի եւ ժիւտոյի ողիմպիական մանկապատանեկան մարզադպրոցը պիտի անուանակոչուի Հայաստանի սամպոյի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ, միջազգային նախկին իրաւարար, արցախեան առաջին պատերազմի մասնակից, ինչպէս նաեւ մարզադպրոցի հիմնադիր Լեւոն Հայրապետեանի անունով:
Այս որոշումը տրուեցաւ նկատի ունենալով Հայրապետեանի ունեցած մեծ ներդրումը հայկական մարզաշխարհի զարգացման աշխատանքին մէջ, ինչպէս նաեւ երկար տարիներ անոր ունեցած մեծ նուիրումին համար:



