Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Ուրարտու Երեւանի ակադեմիայի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ սպանացի Փապլօ Կարսիա Քայարկան, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Սպանացի մասնագէտին նախորդ ակումբն էր սպանական Ռասինկ Սանթանտերը, ուր ան կը մարզէր 16 եւ 17 տարեկանէն վար խումբերը:
Քայարկա բաւական մեծ փորձառութիւն ունի մանկապատանեկան ֆութպոլին մէջ եւ աշխատած է 5, 10, 14 եւ 15 տարեկանէն վար խումբերուն հետ:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ուրարտուի պատասխանատուներուն` իրեն վստահուած այս պաշտօնին համար: