Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ցեղասպանական արարքներու հերքումն ու դրժումը քրէականացնող Ֆրանսայի ծանօթ օրէնքին մասին իր մեկնաբանութիւններուն մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն դարձեալ աշխարհին ներկայացաւ չնաշխարհիկ գիւտով մը` յայտարարելով, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ խօսքի ազատութիւնը անկաշկանդ է, մարդիկ ազատ են ազատօրէն արտայայտուելու, ոչ ոք արգելք կրնայ ըլլալ ազատ արտայայտութեան: Ան անուղղակիօրէն քննադատեց Ուաշինկթընի վարչակազմին «բարեկամ Թուրքիա»-ն նեղ կացութեան մատնող ֆրանսական կեցուածքը եւ զայն վերագրեց ամերիկեան ու ֆրանսական մտածողութեանց տարբերութեան: (Չերկարենք` ըսած ուրիշ բաները վերարտադրելով այստեղ):
Քլինթընի ըսածներէն կարելի է հետեւցնել, որ եթէ խօսքի ազատութիւնը պէտք է ընդունիլ իբրեւ անսահման ու սանձարձակ տարողունակութեամբ, ուրեմն կարելի է նաեւ այդ խորագիրին տակ… սուտն ու տգիտութիւնը, կեղծիքը տարածել արձակ-համարձակ:
Նոյն տրամաբանութեան հետեւելով (եթէ անշուշտ նախարարին տրամաբանելու կալուածը ճիշդ կը բանի)` կարելի է ճիշդ նկատել հետեւեալ օրինակը.-
Սեղանիս վրայ ունիմ մատիտ մը: Քլինթընի դաւանած ազատ արտայայտութեան միլիոնաւոր համախոհներ ի մի կու գան եւ կը յայտարարեն, թէ սա մատիտ չէ, այլ տետրակ է: Մինչեւ իսկ կրնան նման «ճշմարտութիւն» մը քուէարկութեամբ հաստատել: Մատիտը մատիտ ըլլալէ կը դադրի՞, իրականութիւնը կ՛այլափոխուի՞…
Այլ խօսքով, Քլինթընն ու նմաններ կը փորձեն «խօսքի ազատութիւն պաշտպանելու» պատճառաբանութեամբ մեզ համոզել, որ Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը հարցականի տակ պէտք է պահել, թէ` հարցը պատմագէտներու հարց է, եւ ո՛չ թէ քաղաքական: (Ի դէպ, նման ազատականութիւն կը փորձուի նաեւ այլուր, հայկական թէ ոչ հայկական միջավայրերու մէջ):
Աւելորդ չ՛ըլլար այսպիսի «հանճարներու» յիշեցնել, որ Ցեղասպանութիւնը, այսինքն Թուրքիոյ պետութեան կողմէ ծրագրուած, գործադրուած Հայոց ցեղասպանութիւնն ու մեր հողերուն բռնագրաւումը, ամէն բանէ առաջ, ամէն բանէ վեր` ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ հարց է, մարդկային իրաւունքի, հայութեան կորուստներուն` հողային ու մարդկային կորուստներուն դիմաց պահանջի եւ անսակարկելի՛ իրաւունքի հարց է: Պատմութիւնը գրուած է ու, անգամ մը եւս ըսենք, դժբախտաբար կարելի չէ ժամանակի մէջ դէպի ետ ոստում կատարել ու կանխարգիլել եղածը, արդէն իսկ սեւով ու կարմիրով արձանագրուած ոճիրը:
Համաձայն ենք, որ անիկա պէտք չէ քաղաքական հաշիւներու խաղալիք դառնայ, ինչպէս կը փորձեն ընել Անգարա, Ուաշինկթըն եւ Ընկերութիւն:
Իսկ ամէնէն կարեւորը` ընդունելի չէ, որ խօսքի ազատութիւն հասկացողութիւնը խաղալիք դառնայ անտրամաբանական մեկնաբանութիւններու եւ խեղաթիւրման, ինչպէս կ՛ընեն Քլինթընն ու նմաններ:
29 յունուար 2012


