Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԵՐՕՐԵԱՅ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ. ԱՆԳՐԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՎՏԱՆԳ (Բ.)

February 8, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԵՂԱՆԻ ԷԹԻԵՄԵԶԵԱՆ

Աշակերտներու կանուխ տարիքէն դպրոց լքելու երեւոյթը, մատի վրայ հաշուած իւրաքանչիւր դպրոցէ, սաղմնային վիճակի մէջ իսկ մեզ պէտք է մտահոգէ, որովհետեւ այսօրուան կարգ մը անգիտակից ծնողներուն պիտի յաջորդէ  սերունդ մը, որ դպրոցի ընդհանուր մթնոլորտէն շատ հեռու, հասակ առած պիտի ըլլայ անյարիր միջավայրի մէջ:

Նորութիւն չէ, որ խճողուած են կրթական ծրագրերը: Այդպէս էր անցեալին ալ, սակայն գիտակից ծնողներու հեղինակութիւնն ու հսկողութիւնը, կ՛օժանդակէին սահմանափակելու այլ ընտրանքի հաւանականութիւնները: Նախ դաս էր, ապա` քիչ մը ուրիշ բան: Այսօր բազում այլ հետաքրքրութիւններու առկայութեամբ, «նախ դասը» նոյն ընդհանրացումը չունի:

Անցեալին նիւթական դժուարութիւնները, դժբախտութիւնները յաճ  ախ պատճառ կը դառնային, որ կանուխ տարիքէն աշակերտներ ստիպողութեան տակ ըլլային, ընտանեկան բարօր կեանք մը ապահովելու պատրաւորութեամբ, լուռ ու մունջ հեռանան դպրոցէն: Այսօր կարելի բոլոր  միջոցները ի գործ կը դրուին` օժանդակելու ծնողներուն: Դպրոցական կրթաթոշակի զեղչեր, ֆոնտերու, միութիւններու կրթանպաստներ` մեծապէս կը նպաստեն ծնողներու նիւթական պարտաւորութիւններու բեռը թեթեւցնելու:

Անառարկելի է, որ մանուկին բացարձակ իրաւունքն է, ամէն բանէ առաջ, յատկապէս այս դարուն, ուսում ստանալը, բայց եւ այնպէս կը հանդիպինք տղոց, որոնք կանուխ տարիքէն թաթխուած են մանր-մունր աշխատանքներու մէջ, որոնց ապագան, մասնագիտական այս դարուն, այնքան ալ փայլուն չի թուիր ըլլալ:

Անոնք իրենց շահածը յաճախ կ՛օգտագործեն անձնական կարիքներու բաւարարութեան համար, եթէ բաւէ: Արժանապատուութեան զգացողութիւնը փոխարինուած է նիւթական անհրաժեշտութիւններու ապահովումով:

Իրականութիւն է, որ ամենահրաշալի ուսուցիչն իսկ, հետաքրքրական, կենդանի դասէ մը ետք, գրաւ չի կրնար դնել, որ աշակերտը առանց տնային աշխատանքի, ակնկալուած արդիւնքը կրնայ տալ: Աշակերտներուն մէջ չաշխատելու, չյոգնելու ախտագին երեւոյթ մը, առաւել կամ նուազ չափերով, հետզհետէ կը զարգանայ: Մեծաւ մասամբ կանուխ տարիքէն դպրոց լքողները չունին տագնապը չկարենալ ըմբռնելու: Պարզապէս չեն հետաքրքրուած, չեն ուզեր աշխատիլ:

Ընկերային ծառայողը ընտանեկան մթնոլորտը իբրեւ պատճառ կրնայ ներկայացնել: Մանկավարժը կրնայ մատնանշել կրթական ծրագրերու անհարթութիւնները: Դարու դիւրինին, հաճելիին հրապոյրը կրնան հաստատել ուրիշներ, բայց ինչ ալ ըլլան պատճառները, չեն արդարացներ երկու մեղքեր, որոնց հետեւանքները պիտի կրենք ուշ կամ կանուխ:

Առաջինը` յատկապէս համեստ խաւի ընդհանուր մթնոլորտին մէջ, հետզհետէ շեշտուող, ուսման հանդէպ երբեմնի ակնածանքի սահմաններուն հասնող զգացողութեան բացակայութիւնն է: Կարգախօս դարձած է` «Ապրելու համար ամէն բանէ առաջ նիւթական պէտք է ունենալ»-ը: Բարձրագոյն վկայական ստանա՞լ, բանիմա՞ց դառնալ, այնքան կարեւոր չեն, որքան` վարկ հաստատելը նիւթական կարողականութեամբ: Նոյն մտածողութեան հարազատ դրսեւորումն է նաեւ զաւակը օտար դպրոց վստահելու երեւոյթը: Կարեւորը գործնապաշտ պատրաստութիւն մը ապահովելն է, մնացեալը` «փոր չի կշտացներ»:

Երկրորդ մեղքը` աշխատելու, աշխատասիրութեան նահանջն է: «Քարէն հաց կը հանէին» մեզ կանխողները: Զուրկ ցեղային հարստութիւն աշխատասիրութենէ` պիտի աճի թիւը կիսամիջոցներով  ապրողներուն, որոնք դժուար թէ ինքնաբաւ դառնան, ալ ո՛ւր մնաց` ուրիշին օգտակար ըլլալ:

 

 

Նախորդը

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ԿԱՅՔԷՋԻ ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԲԱԺԻՆԻ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Յաջորդը

ՆՇՄԱՐ. ՎԱՐՁՔԸ ԿԱՏԱՐ, ՏԻԿԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԻՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.