ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 90-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՄԵՐԳ
Հովանաւորութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Կատարողութեամբ`
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ «ԱՐՄԱՇ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ
Խմբավարութեամբ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԶԱՒԷՆ ՎՐԴ. ՆԱՃԱՐԵԱՆի
եւ
ԲԱՐՇ. ԳՐԻԳՈՐ ՍՐԿ. ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆի
Դաշնակի ընկերակցութեամբ`
ՅԱՍՄԻԿ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆի
Երկուշաբթի, 19 յուլիս 2021-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին (Լիբանանի ժամանակացոյցով), կաթողիկոսարանի CILICIA TV-ի դիմատետրի եւ «Եութիուպ»-ի էջերէն պիտի սփռուի «Արմաշ» երգչախումբին համերգը` նուիրուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի 90-ամեակին:
ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՈՒՑ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՍԵՐԺ ՎԱՀԷ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 18 յուլիս 2021-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՊԵՐՃՈՒՀԻ ՊԷՕՃԷՔԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 18 յուլիս 2021-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
ՆՈՒՊԱՐ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 18 յուլիս 2021-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ՀՄԸՄ-Ի ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ
ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան Անդամական ընդհանուր ժողովը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 20 յուլիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազիրեան» ակումբի «Ատուր Գապաքեան» սրահին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Ներկաներուն թիւը մեծամասնութիւն պիտի նկատուի երեկոյեան ժամը 8:30-ին:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի քարտուղարուհիի մը: Դիմել` հեռ. 03-412442:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիք ունի վարպետ կաղապարագործներու (թորնոճի): Դիմել` հեռ. 03-244967:
—————————————
ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏՌԷ
Տարեցներու եւ հիւանդներու հոգատարութիւն: Դիմել` հեռ. 76-695869: