Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ երէկ գիշեր ապահովեց «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը` շրջանցելէ ետք Կալեսի ախոյեան Քոնաս Քոայի արգելքը:
Դարձի մրցումին, երեւանեան կազմը Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ յաջողեցաւ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրել:
Մրցումին երկարաձգման ընթացքին Ալաշկերտի եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց ֆրանսացի 28 տարեկան միջնապահ Վենսան Պեզեքուր (113-րդ վայրկեանին):
Նշենք, որ երթին հայկական կազմը Կալեսի մէջ արձանագրած էր 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
«Եու. Է. Էֆ. Ա. » վերջերս յայտարարեց, որ այսուհետեւ խումբերը օտար դաշտերու վրայ կոլ նշանակելու առաւելութենէն պիտի չօգտուին, այլ եթէ պատահի, որ մրցումները աւարտին հաւասարութեամբ, ուղղակիօրէն մրցումը պիտի երկարաձգուի:
Բ. հանգրուանի մրցումներուն, Ալաշկերտ իրեն մրցակից պիտի ունենայ Շերիֆը (Մոլտովա), որ մրցաշարքէն դուրս ձգեց Թէոյթա Տուրեսը (Ալպանիա):