Չեխիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի 25 տարեկան յառաջապահ Փաթրիք Շիքի կոլը ճանչցուեցաւ «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին լաւագոյնը, այս մասին յայտնեց «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ին պաշտօնական կայքը` երէկ:
Ան գրեթէ դաշտին կեդրոնէն սքանչելի հարուածով մը նշանակած էր իր կոլը` Սկովտիոյ բերդին մէջ: Մրցումը աւարտած էր անոր կազմին յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով:
Լաւագոյն տասնեակին մէջ էին նաեւ սքանչելի այլ կոլեր: