Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ԵՈՒՆԱՅԹԸՏ ԴԺՈՒԱՐ, ԲԱՅՑ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ ՉԵԼՍԻԻ ՀԵՏ

February 6, 2012
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ, Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 24-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մանչեսթըր Եունայթըտ դժուար, բայց կարեւոր հաւասարութիւն մը արձանագրեց, երբ Չելսիի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին 3-0 ուշանալէ ետք 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց: Ուէյն Ռունիի կողմէ նշանակուած երկու փենալթիները (58-րդ եւ 69-րդ), իսկ Խաւիէ Հերնանտեզի նշանակած կոլը (84-րդ) պարտութենէ մը փրկեցին մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսընի կազմը` Եունայթըտը:

Այժմ Եունայթըտ երկու կէտով ետ կը մնայ Մանչեսթըր Սիթիէն (առաջին) որ 3-0 արդիւնքով յաղթեց Ֆուլհեմի:

Արսենալ 7-1 արդիւնքով ջախջախեց Պլեքպըրնը: Ռոպին Վան Փերսի հեթրիք մը իրագործեց (2-րդ, 38-րդ եւ 61-րդ):

Սպանիոյ մէջ պարագլուխի դիրքը գրաւող Ռէալ Մատրիտի եւ անոր անմիջական մրցակիցին` Պարսելոնայի միջեւ եօթը կէտի տարբերութիւնը մնաց անփոփոխ` նկատի ունենալով, որ անոնք երկուքն ալ յաղթանակ արձանագրեցին` յաջորդաբար յաղթելով Կեթաֆէի (1-0) եւ Ռէալ Սոսիետատի (2-1):

Իտալիոյ մէջ, Ա. Էս. Ռոմա 4-0 արդիւնքով ջախջախեց Ինթեր Միլանը, մինչ առաջին եւ երկրորդ դիրքերը գրաւողները` Եուվենթուս եւ Ա. Սէ. Միլան ճերմակ հաւասարութիւններ արձանագրեցին իրենց մրցակիցներուն հետ:

Գերմանիոյ մէջ, Պորուսիա Տորթմունտ օգտուելով Պայէրն Միւնիխի եւ Շալքէի արձանագրած հաւասարութիւններէն գրաւեց դասաւորման պարագլուխի դիրքը` 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Նիւրեմպերկի:

Ֆրանսայի մէջ, Փարիզ Սեն Ժերմեն ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Էվիանի:

 

Նախորդը

ԸՍՏ ԱՆԳԼԻԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՃՈՆ ԹԵՐԻԷՆ ԽԼՈՒԱԾ Է ԱՆԳԼԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԻ ԽՄԲԱՊԵՏԻ ՊԱՇՏՕՆԸ

Յաջորդը

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՕԼ-ՍԹԱՐԻ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՂՆԵՐԸ ՅՍՏԱԿԱՑԱՆ

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.