Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ 30-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

March 31, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Աստուածաշունչի ընկերակցութեան Արաբական Ծոցի երկիրներու խնամակալ մարմինին եւ կազմակերպութեամբ գրասենեակի պաշտօնէութեան, Քուէյթի մէջ կայացաւ հանդիսութիւն մը` նուիրուած Հրայր Ճէպէճեանի 30-ամեայ գործունէութեան` Աստուածաշունչի ընկերակցութեան մէջ իբրեւ ընդհանուր քարտուղար:

12 փետրուարին տեղի ունեցած ձեռնարկին ներկայ էին Քուէյթի մէջ գործող բոլոր եկեղեցական համայնքներու ներկայացուցիչները, բարեկամներ, գործակիցներ, նաեւ` Վատիկանի, Քուէյթի ու Արաբական Ծոցի երկիրներու դեսպան հայր Փիթըր Ռաճիվը:

Քուէյթի արաբ աւետարանական եկեղեցւոյ երէց հովիւ, Աստուածաշունչի ընկերակցութեան խնամակալ մարմնի ատենապետ վեր. Էմմանուէլ Ղարիպ բարձր գնահատեց Հրայր Ճէպէճեանի երկարամեայ գործունէութիւնն ու ծառայութիւնը Աստուածաշունչի առաքելութեան մէջ: «Հրայր Ճէպէճեանի ներդրումը մեծ է Աստուածաշունչի առաքելութեան մէջ` Լիբանանէն սկսեալ մինչեւ տարբեր երկիրներ, իսկ այժմ Արաբական Ծոց: Ան մեծ աշխատանք կը տանի եւ մեծապէս կը նպաստէ մեր քրիստոնէական կեանքն ու եկեղեցիները աշխարհի չորս ծագերուն մէջ ներկայացնելու», եզրափակեց վեր. Ղարիպ:

Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ խօսք առաւ Արտակ քհնյ. Քեհեայեան, որ շեշտը դրաւ տարբեր համայնքներու եւ եկեղեցիներու հետ Հրայր Ճէպէճեանի ծաւալած աշխատանքին կարեւորութեան եւ միջեկեղեցական կապերու ամրապնդման գծով տարած ջանքերուն արդիւնաւէտութեան վրայ: Անոր համաձայն, Հ. Ճէպէճեանի միջոցով զարգացաւ հայերէն Աստուածաշունչի եւ հոգեւոր գրականութեան ներդրումը մեր եկեղեցական կեանքին մէջ: Բան մը, որ գնահատելի է, նշեց Արտակ քահանայ:

Աստուածաշունչի ընկերակցութեան Արաբական Ծոցի գրասենեակին կողմէ խօսք առաւ Ռանժինի Կարա, որ ներկայացուց Հ. Ճէպէճեանի 30 տարիներու ծառայութիւնը այս ընկերակցութեան մէջ: «Լիբանանի գրասենեակէն սկսելով` ան իր մասնակցութիւնը  բերած է կազմակերպելու Սուրիոյ գրասենեակը, ստանձնած է Իրանի յատուկ ծրագիրը ու աշխատանք տարած` հիմնելու Հայաստանի գրասենեակը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ան նաեւ ո՛ւր ալ գտնուած է իր կարեւոր նպաստը բերած է հաւաքական-եկեղեցական կեանքին մէջ:

Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Հրայր Ճէպէճեան, որ բոլորին շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք խօսեցաւ իր երկար տարիներու ծառայութեան միտք բանիին մասին. «1975-էն ետք Աստուած գծեց իմ ճամբաս, երբ ես կը փորձէի անձնականս ունենալ. իւրաքանչիւր հանգրուանի ապրեցայ Աստուծոյ ցուցմունքով ու առաջնորդութեամբ` հաւատալով, որ այս առաքելութեան մէջ պէտք է կերտէի կեանքս: Տարբեր ազգութիւններու եւ մշակոյթներու հետ իմ յարաբերութիւնս ճամբայ կերտեց աշխարհին բացուելու եւ աշխարհը տեսնելու իր ամբողջութեան մէջ ու զայն գնահատելը, անոնց համար աշխատիլը դարձաւ նպատակ»: Իր խօսքը եզրափակելով ան նշեց, թէ 30 տարի ետք հարց կու տայ, թէ արդեօք բաւարար աշխատանք տարա՞ւ Աւետարանին, քրիստոնէական եկեղեցւոյ եւ հաւաքականութեան համար:

Հանդիսութեան ընթացքին ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, որուն մէջ կը ներկայացուէին հատուածներ Հրայր Ճէպէճեանի 30 տարիներու կեանքէն ու գործունէութենէն: Ապա տեղի ունեցաւ պարգեւատրում, Հրայր Ճէպէճեանի յանձնուեցաւ յատուկ յուշանուէր: Պաշտօնական բաժինին յաջորդեց ճաշկերոյթ:

Նախորդը

«Լ. ՇԱՆԹ» ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ. «Թ. ՌՈՍԼԻՆ» ԿԵՐՊԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑԻ ԿԻՍԱՄԵԱՅ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Յաջորդը

ԼՕԽ-Ի ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.