Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ՎՐԷԺ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆԻ ԼՕԽ-Ի ՏԱՐԵԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԻ ԵՐԵԿՈՅ

February 6, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախաձեռնութեամբ Է. Ակնունիի  (Խաչատուր  Մալումեան) 1 յունուար 1910-ին հիմնուած  Հայ  օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) ծնունդէն ետք  զանազան գաղթօճախներու մէջ ծլարձակած  մասնաճիւղերէն` Լիբանանահայ  օգնութեան  խաչի (ԼՕԽ) Շրջանային վարչութիւնը ուրբաթ, 3 փետրուարի երեկոյեան կազմակերպեց իր տարեկան ճաշկերոյթի երեկոն` Պէյրութի «ֆոր Սիզընս» պանդոկին մէջ:

Նախագահութեամբ տէր եւ տիկին նախարար  Վրէժ եւ Սալմա Սապունճեաններուն եւ հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային  վարչութեան, յարաբերական յանձնախումբի  կազմակերպած այս ձեռնարկին ներկայ էին   Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ  արք.  Խաչերեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի  Հանրապետութեան  լիազօր դեսպան  Աշոտ  Քոչարեան, պետական նախարար  զօր. Փանոս  Մանճեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ դոկտ. Յարութիւն  Սամուէլեան  եւ բազմաթիւ միութենական ներկայացուցիչներ ու ԼՕԽ-ի ընտանիքի բարեկամներ:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք  օրուան հանդիսավար Արմէն Ապտալեան բացուած յայտարարեց երեկոն ողջունելով ներկաները, ապա թուեց յայտագիրին գլխաւոր բաժինները:

Նախ եւ առաջ խօսք առաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գլպաշեան, որ բարի գալուստ մաղթեց  ներկաներուն` շնորհակալութիւն յայտնելով  բոլոր այն բարերարներուն եւ ազգայիններուն, որոնք ընդառաջեցին ԼՕԽ-ի այս ձեռնարկի հրաւէրին: Այնուհետեւ Գլպաշեան վեր առաւ ԼՕԽ-ի  երկարամեայ գործունէութիւնը` իր յարգանքի ու երախտագիտութեան զգացումները փոխանցելով ԼՕԽ-ի աւելի քան չորս հազար հաշուող անդամներուն եւ յանձնախումբերու կամաւոր ընկերուհիներու աշխատանքին, որուն արգասիքն է ԼՕԽ-ի արդիւնաւէտ ու բարեսիրական ազգօգուտ գործունէութեան պարզած պատկերը: Թալին Գլպաշեան խիստ բարձր գնահատեց ԼՕԽ-ի առաքելութիւնն  ու վարքագիծը` ընդգծելով, որ «ԼՕԽ-ի ստեղծումն ու գոյատեւումը  անխուսափելի հրամայական մըն էր  հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ»:

Խօսք առաւ նաեւ ԼՕԽ-ի յարաբերական յանձնախումբի ատենապետ Յասմիկ  Սամուէլեան, որ ողջունելով ներկաները իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին սոյն ձեռնարկի իրագործման:

Ապա ցուցադրուեցաւ ԼՕԽ-ի հիմնադրութեան ու գործունէութեան պատմական ժամանակագրութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը: Շուրջ 15 վայրկեան տեւողութեամբ Մարալ  Հարպոյեանի ձայնով ներկայացուած տեսերիզը  անդրադարձաւ ԼՕԽ-ի զանազան յանձնախումբերու գործունէութեան:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք.  Խաչերեանի օրհնութեան աղօթքէն ետք ներկաները վայելեցին երեկոյի գեղարուեստական բաժինը, որուն ընթացքին յատուկ նուագախումբ մը խանդավառեց մթնոլորտը հայկական թէ այլ լեզուներու երաժշտութեամբ: Միջոցին,  ներկաները կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւն, որ պիտի յատկացուի ԼՕԽ-ի ձեռնարկած կրթական թէ ընկերային-բարեսիրական ազգօգուտ ծրագիրներու իրականացման:

 

 

Նախորդը

ՆՈՐ ՍԻՍԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ. «ՄԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ ՄԵԾՑՆԵՆՔ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈԳԻՈՎ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԳԻՏՆԱՆ, ԹԷ Ո՛ՒՐ Է ԻՐԵՆՑ ԳԱՆՁԸ» ՇԵՇՏԵՑ ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ

Յաջորդը

«ԳԻՐՔԸ ԿԵԱՆՔԻՍ ԱՄԷՆԷՆ ՍԻՐԵԼԻ ԸՆԿԵՐՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ ԴԱՐՁԱԾ է» Կ՛ԸՍԷ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.