Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. «Ե՛Ս ԵՄ, ՄԻ՛ ՎԱԽՆԱՔ»

February 6, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, երէկ «Առաջաւորի Բարեկենդան» յորջորջեալ կիրակին էր, որուն յաջորդող հինգ օրերը կը կազմէին քրիստոնէացած հայերուն առաջին ծոմապահութիւնը` հաստատուած մեր հաւատքի հօրմէն` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչէն:

Այս կիրակին կարդացուեցաւ չորրորդ աւետարանիչին` Ս. Յովհաննէսի Աւետարանէն հատուածը, որ սուրբգրային մեկնաբանութեան մէջ կը խորագրուի. «Յիսուս կը քալէ ծովին վրայ» (Յվհ. 6,15-21):

Մեր հայ մատենագրութեան մէջ Աստուծոյ տրուած ամէնէն բնորոշ եւ Յիսուս Քրիստոսի համար յաճախագոյն կիրառուած մակդիրներէն մին է «մարդասէր» որակական ածականը:

Մարդասէր ու գթասիրտ Աստուածամարդը` Յիսուս Քրիստոս նոր հրաշագործած էր հացերու բազմացումը եւ կերակրած` հազարաւոր անօթիներ (Յվհ. 6,1-14):

Մարդասէրին սքանչելագործութիւնն ապրելով` ժողովուրդը յայտարարեց, թէ Յիսուս «այն մարգարէն էր, որ աշխարհ պիտի գար» իբրեւ ազատարար իր ազգին, փրկիչ` մարդկութեան…:

Երախտապարտ ամբոխը որոշեց «թագաւոր» հռչակել իրենց հրաշագործ Բարերարը, բայց Քրիստոս «առանձին լեռ քաշուեցաւ» աղօթելու եւ ըլլալու համար իր երկնաւոր Հօր հետ լոկ:

Առաջին` Յիսուս Քրիստոս, տիեզերքին ՂԵԿԱՎԱՐԸ, եւ ո՛չ` փոքր երկրի մը, կերակրեց իրենց հետեւողները, իսկ Հայաստանի ղեկավարները ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ կը կերակրեն իրենց հայրենակիցները, որ կը ստիպուին հեռանալ հայրենիքէն ի խնդիր հացի եւ ապրուստի…

Երկրորդ` յագեցած ժողովուրդը իրաւացիօրէն ուզեց թագաւորեցնել զինք Կերակրողը, իսկ մեր հայրենակիցները, որոնք ընտրութիւններուն նախասեմը թեւակոխած են արդէն, թող մտաբերեն իրենց կենսամակարդակը նուազագոյնի իջեցնող ղեկավարներուն ապօրինի ու թաքթաքուր կածաններով դիզած հարստութիւնը…

Երրորդ` ժողովուրդէն ընտրեալ մեր ղեկավարները թող կպած-կառչած չմնան իրենց իշխանութեան եւ աթոռին, յատկապէս երբ ո՛չ «հրաշագործ» են իրենց ազգին եւ ո՛չ «բարերար» են իրենց երկրին, այլ` միայն իրենց եսին ու գրպանին համար անփոխարինելի՜…

Չորրորդ` առօրեայի մեր հեւքին մէջ գիտնանք գտնել եւ յատկացնել պահիկ մը միայն ու միայն Աստուծոյ, որ «ձեր երկնաւոր Հայրն է», կը յայտարարէ Մարդասէրը, «եւ չ՛ուզեր, որ կորսուի մէկը ձեզմէ»:

Արդ, հասայ վերտառութեան. «Ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք» (Յվհ. 6,20):

Առաւել կամ նուազ` ծանօթ եմ կրօններու պատմութեան ու տեսութեան, բայց այսպիսի յայտարարութեան մը չեմ հանդիպած անոնց «սրբազան մատեաններ»-ուն մէջ: Չէի կրնար ալ հանդիպիլ, քանի այս վճռակամ համարձակութեամբ եւ գործօն ինքնավստահութեամբ յայտարարել կրնար միայն Աստուած, որ մարդացաւ ու սիրեց իր ստեղծած մարդը:

Ընդհանուր պատմութեան ընթացքին եւ նոյնիսկ եկեղեցական տարեգրութեան մէջ վխտացին եւ կը վխտան դէմքեր ու գործիչներ, որոնք թէպէտ կրկնելով եւ երեքկնելով` շեփորեցին իրենց «Ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»-ը, բայց եւ այնպէս ոչ միայն չկան այսօր, այլ նաեւ անարձագանգ, անհետ ու անյայտ են…

«Ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք» յայտարարող Աստուածամարդը, որ նաեւ նրբանկատ է ու գերզգայուն` իր մարդ եղբօր եւ քրոջ հանդէպ, յար ապացուց ու կ՛ապացուցանէ իր հզօրութիւնը:

«Ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք» յայտարարող Աստուածամարդը, որ նաեւ մտածող է ու սրտաբաց` իր մարդ եղբօր եւ քրոջ հանդէպ, միշտ փաստեց ու կը փաստէ իր մարդասիրութիւնը:

Ականատես եւ ականջալուր աւետարանիչին պատմագրութեամբ, ինչպէս ալ պատահած դէպքին իր ներկայութեամբ` Ս. Յովհաննէս պարզ ու համոզիչ բառերով կը հաստատէ, թէ զօրաւոր հովին դէմ նաւարկող եւ ալեկոծ ծովին մատնուած աշակերտներուն օգնութեան հասաւ Յիսուս, որ` «ծովին վրայէն քալելով նաւակին կը մօտենար» (Յվհ. 6,19):

«Ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք» յայտարարող Աստուածամարդը, որ կ՛ուզէ մարդերուս բարօրութիւնը լոկ, ոչ միայն քալեց (Մրկ. 6,49), այլ նաեւ քալել տուաւ ջուրին վրայէն (Մտթ. 14,25), խլելով զարմանահար ներկաներուն երկրպագու դաւանումը. «Արդարեւ, դո՛ւն ես Աստուծոյ Որդին» (Մտթ. 14,33):

«Ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք» յայտարարող Աստուածամարդը, որ գործեց եւ զոհուեցաւ մեր երջանկութեան համար, իր հրաշքով ոչ միայն զարմացուց ժողովուրդը, այլ նաեւ աշակերտներուն նաւակն ելլելով` «հովն անմիջապէս» դադրեցուց (Մրկ. 6,51):

«Ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք» յայտարարող միայն Աստուծորդիին` Յիսուս Քրիստոսի հետ կրնանք ընդունիլ խաղաղութիւնն ու պահել անդորրութիւնը մեր առօրեային, ինչպէս ալ ապահովել նաւարկումը դէպի նաւահանգիստը մեր նպատակին (Յվհ. 6,21):

Այնճար, 30 յունուար  2012

 

Նախորդը

ՀԱՅՐԻ՛Կ, ԿԸ ՄՍԻՄ…

Յաջորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԻՑ. ՄԵԾԱՄԱՍՆԱԿԱՆ-ՀԱՄԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ՎԷՃԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.