Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԴԻՏԵԼՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԸ. «Հ1» ԿԱՅԱՆԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐՆԵՐԸ

February 6, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Հայաստանի պատկերասփիւռի կայանները բազմաթիւ են: Իւրաքանչիւր կայան կը ներկայացնէ յատուկ յայտագիր: Տիրապետողը երգ ու երաժշտութեան, պարի եւ թատերական ներկայացումներու ծրագրուած յայտագիրներն են: Իւրաքանչիւր անձ կ՛ընտրէ ու կը հետեւի իր նախընտրած յայտագրին: Մշակութային, գրական, մարզական, քաղաքական, լրատուական, տնտեսական թէ արդիւնաբերական թեմաներով յայտագիրներ, որոնք կը հետաքրքրեն սփիւռքահայերը:

Հայաստան ներշնչարան է իւրաքանչիւր սփիւռքահայու համար: Ան կը սպասէ ուրախ, օգտակար, հաճելի տեղեկութիւններ, որոնց ի տես` ինքզինք հպարտ կը զգայ հայրենասէր հայը, մանաւանդ երբ ախոյեանական մրցակցութիւններ տեղի կ՛ունենան եւ Հայաստանի ներկայացուցիչները յաղթեն: Բնական պարծանք մըն է այս, որով միշտ կը սպասուի լաւագոյնը ունենալու ցանկութիւն ամէն մարզերու մէջ:

«Հ1» կայանը կը նկատուի հայրենական բոլոր կողմերու, կուսակցական շարժումներու գործունէութիւնը արձագանգողը` իբրեւ անխտրականութեան ցուցանիշ: Սփիւռքահայը կրնայ դիտել նաեւ «Շանթ», «Արմենիա» կայանները: Ներկայիս կրնանք դիտել նաեւ «Երկիր մետիա»-ն, որ ՀՅ Դաշնակցութեան պաշտօնական բեմը կը նկատուի: Այս կայանը կարեւորութիւն կու տայ քաղաքական թէ մշակութային, գեղարուեստական թէ  առողջապահական եւ տարբեր թեմաներով  պատրաստուած երկխօսութիւններու, հարցազրոյցներու եւ գեղարուեստական ձեռնարկներու:

«Հ1» կայանը ընդհանրապէս նախընտրելի կը թուի ըլլալ, ուր կը հանդիպինք մասնաւորաբար կիրակնօրեայ «Երգ երգոց» յայտագրին, որ կը փնտռուի եւ կը սպասուի ամէնուն կողմէ: Այս կայանին մէջ ներկայացուած «սուղ» կամ «աժան» երգարուեստներու ներկայացումներէն ու լրատուական բաժիններէն բացի, կայ երկու յայտագիր, հետաքրքրական եւ նոյն ատեն ցնցիչ: Հետաքրքրական արժանավայել յայտագիրը կը կոչուի «Երջանկութեան մեխանիքա»: Հաղորդավարն է դերասանուհի, բազմաշնորհ հայուհի մը` Նազենի Յովհաննիսեան: Ան կը ներկայացնէ հայրենի արուեստագէտներ, գիտնականներ, տաղանդաւոր հայորդիներ, որոնք յաջողած են կեանքի մէջ եւ պատիւ կը բերեն մեր ազգին: Անկեղծ ըլլալու համար մեզի խորթ թուեցաւ «մեխանիքա» բառը եւ ըսինք. այս բառը  կարելի չէ՞ր փոխարինել ուրիշ յարմար հայերէն բառով: Մտածեցինք մենք մեզի ու հետեւելով յայտագրին` մենք ալ մեր կարգին ընտելացանք «մեխանիքա»-ին, քանի որ յայտագրին մասնակցողները յարգելի անձնաւորութիւններ եղած են, կը ներկայանան հանդերձ ընտանեօք, տատիկներով, պապիկներով, զաւակներով, հարսերով ու թոռներով: Հաճելի է տեսնել զանոնք, մանաւանդ երբ ներկայացնողը Նազենին է, ընդհանուր զարգացման տէր, իմաստութիւն արտայայտող խօսնակ-հաղորդավար, թէեւ պարբերաբար արագ ու ցած ձայնով խօսքերը չենք հասկնար: Այդ ալ ոչինչ, երբ Նազենին կ՛աւարտէ իր զրոյց-տեսակցութիւնը եւ վերջին «կը հանդիպենք»-ը կ՛ըսէ, կը սպասենք յաջորդ հանդիպման: Շնորհակալութիւն` Նազենի Յովհաննիսեանին:

«Երգ երգոց»-ի մասին լիբանանահայերը ուրախութեամբ կ՛արտայայտուին, որովհետեւ այս յայտագիրը Լիբանան եկաւ տարի մը առաջ` հրաւէրովը Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան: Յայտագրի հաղորդավար-զրուցավար Խորէն Լեւոնեան, դերասան-արուեստագէտ, արժանացած է բոլորիս սիրոյն, համակրանքին, ու ամէն կիրակի երեկոյ կը սպասենք «Երգ երգոց»-ը, ըմբոշխնելու համար հայկական երգարուեստը: «Կը հանդիպենք», Խորէն ջան:

Մեր նպատակը «Հ1»-ի բոլոր յայտագիրներուն անդրադառնալ չէ, բայց յիշենք Ռաֆայէլ Յովհաննիսեանը, որ մեզի կը ծանօթացնէ երկիրներ, մայրաքաղաքներ, անոնց տեսարժան վայրերը, պատմութիւնը եւ այլն` իրեն հետ ման գալով «Օտար ամայի ճամբէքի վրայ»:

Չեմ ուզեր մոռնալ Սուսաննա Շահինեանը, նրբախօս, քաղցրաբարբառ հայուհին, որ գոհացում կու տայ երգ խնդրողներուն` անոնց յղած նամակները կարդալով սիրալիր տրամադրութեամբ:

Մեր անդրադարձի աւարտին ձգեցինք նշանաւոր յայտագիրը, «Կեանքի կարուսել»-ը, որ գրեթէ ամէնօրեայ ներկայութիւն է այս կայանին պաստառին վրայ, կրկնութիւններու ներկայացումով: Այս յայտագիրը շատ կը տխրեցնէ, կը յուզէ ու կը զարմացնէ մեզ, որովհետեւ հոն կը տեսնենք հայ ոճրագործներ, հայասպաններ, գողեր, անբարոներ, դաւաճաններ եւ մարմնավաճառութեամբ պիզնըս ընողներ: Հիանալի, տաղանդաւոր դերասան-դերասանուհիներ կը ներկայացնեն այս թատերական պատկերները, մերթ զզուելի եւ մերթ խղճալի կերպարներով, միշտ` նզովքի տրամադրութեամբ: Հայաստան այսքան լեցո՞ւն է չարերով, աւազակներով, ընտանիք քանդող անհաւատարիմներով, «Քեզ կը մորթեմ, կը սպաննեմ» գոռացող հայորդիներով: Մեր սիրտը կը ճմլուի ի տես Տուպայ կամ Թուրքիա ուղարկուած անմեղ հայուհիներու տառապանքը դիտելով, կը փշաքաղուինք, կը սոսկանք: Այդքան շատ են այսպիսիք, որոնց դիմաց Նազենի Յովհաննիսեանի շնորհալիները, սիրելիները մասամբ կը մեղմացնեն մեր վիշտը: Բարոյական դասեր տալու յաւակնութիւնը չունինք բայց այսքան հրէշային վարք ու կենցաղ, այսքան դրամաշորթ ու խաբեբայ, այսքան թակարդ լարող հայեր, կին ըլլան թէ այր մարդ, աններելի է: Հայաստան երկիր դրախտավայրը սփիւռքահայը տուն կանչող մայր է, պէտք է ըլլալ հարազատ հայ մայր, որպէսզի չպժգանք նման կերպարներէ, հայուն անունը արատաւորող հայ մարդերէ: Արդեօք բան մը կը փոխուի՞ հայրենի պաստառէն մեր ճանչցած  չարագործներու կեանքէն: Այս կայանէն հաճոյքով եւ հաւատացեալի հոգեկան խաղաղութեամբ կը լսենք ու կը դիտենք Սահակ սրբազանին աղօթքները, սուրբ գրային պատգամները, յորդորները, աղօթող մանուկները: Սահակ սրբազան, աղօթեցէք Հայաստանի չարերուն հոգիներու փրկութեան համար…

 

 

Նախորդը

«ԲԱԳԻՆ»-Ի 50-ԱՄԵԱԿ ԵՒ ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՏԱՐԻ. ՅՈՅՍԻ ԱՄԵԱԿ ԵՒ ՏԱՐԻ

Յաջորդը

ՀԱՅՐԻ՛Կ, ԿԸ ՄՍԻՄ…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.