Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԲՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՐԴ. ԻՆՉՊԷ՞Ս ԽՆԱՄԵԼ ԽՈԼՈՐՁԻ ՏՈՒՆԿ ՄԸ

February 6, 2012
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԸ ԿԱՐԾԵՆՔ, ԹԷ ՎԱՅՐԻ ԲՆՈՒԹԵՆԷՆ ՊՈԿՈՒԱԾ ԵՒ ԸՆՏԵԼԱՑՈՒԱԾ ԽՈԼՈՐՁԻ ՏՈՒՆԿ ՄԸ ՏԱՆ ՄԷՋ ԾԱՂԿԵՑՆԵԼԸ Կ՛ԵՆԹԱԴՐԷ ՅԱՏՈՒԿ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ՈՐ ԱՆՀԱՍԱՆԵԼԻ Է ՄԵԶԻ: ՅԱՃԱԽ ԾԱՂԻԿԻ ՃԻՒՂ ՄԸ ՉՈՐՆԱԼԷ ԵՏՔ ՏՈՒՆԿԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻ ՓՃԱՆԱԼՈՒ: ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ԿԱՐԳ ՄԸ ԿԱՅՔԵՐԷ ՔԱՂՈՒԱԾ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ՊԱՐԶ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐԸ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՆ ՄՇՏԱՊԷՍ ԾԱՂԿԵՑՆԵԼ ԶԱՆՈՆՔ:

Խոլորձը երբեք չդնել հոսող ջուրի տակ, ոչ ալ ձգել, որ ջուր հաւաքուի թաղարին տակ: Զայն ջրել շաբաթը անգամ մը` սառոյցի 3 քառակուսի կտորներ դնելով անոր վրայ: Սառոյցը աստիճանաբար հալելով կը թափանցէ արմատներուն մէջ եւ տունկը կը ստանայ իրեն բաւարար ջուրը: Այս ձեւով ջրուած խոլորձի տունկէ մը տարին գէթ մէկ ծաղիկի ճիւղ կը ծլի:

Երբ ծաղիկի ճիւղը կը սկսի աճիլ, աճման միջոցին պէտք է զայն կապել ձողի մը: Ծաղիկներու գեղեցիկ դասաւորում մը ունենալու համար խուսափիլ, անոր ուղղութիւնը հեռացնել լոյսէն, այլապէս ծաղիկները կը դառնան տերեւներուն հակառակ կողմը: Խոլորձի ծաղիկները երբեք չդնել ջուրի տակ, որպէսզի սնկային մարմիններ չյայտնուին անոնց վրայ:

 

 

 

 

 

 

 

Երբ վերջին ծաղիկը թորմի, սպասել` մինչեւ նոր ծիլ մը յայտնուի կամ կտրել` ճիւղաւորումի երեք կէտէ վեր:

Ծաղիկի ճիւղ մը թորմելէն ետք սկսիլ պարարտացուցիչ տալ ամիսը անգամ մը: Պարարտացուցիչ տալու շաբաթը սառոյցի կտորներ չդնել թաղարին մէջ, որպէսզի տունկը աւելորդ ջուր չստանայ, այլապէս անոր արմատները կը նեխին:

Տունկը  գիշերները պահել աւելի ցուրտ ջերմաստիճանի մէջ: Զայն հեռու պահել ջեռուցիչներէն եւ օդափոխիչ զովացնող սարքերէն: Չոր օդը կը փճացնէ խոլորձին ծաղիկները, որոնք կարիքը ունին 40-60 առ հարիւր խոնաւութեան: Ցերեկը մինչեւ 25 եւ գիշերը մինչեւ 18 աստիճան ջերմութիւնը իտէալ են խոլորձի տունկի մը աճման համար: Իսկ գիշերները մէկ ամիս զայն ցուրտ օդին պարզելը կը խթանէ ծաղիկի ճիւղերու կազմաւորումը:

Խոլորձի տունկը կ՛ախորժի անուղղակի արեւու լոյսէն, կը սիրէ լուսաւոր պատուհանները:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Նախորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (6 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)

Յաջորդը

ԲՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՐԴ. ԽՈԼՈՐՁՆԵՐՈՒ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆԸ

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.