Ուրարտու ֆութպոլի ակումբը եւ Տիգրան Եսայեան երկկողմանի համաձայնութեամբ մը իրարու հետ խզեցին իրենց պայմանագրութիւնը, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Միեւնոյն ժամանակ նշուեցաւ, որ կատարուած են նոր նշանակումներ:
Ակումբի նոր գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Արսէն Պետրոսեան: Իսկ անոր օգնականներ նշանակուեցան Ստեփան Ղազարեան եւ Իկոր Փաթերին:
Ուրարտու շնորհակալութիւն յայտնեց Եսայեանին անոր կատարած աշխատանքին համար` անոր մաղթելով յաջողութիւն իր արհեստավարժ ասպարէզին շարունակման գծով:
Նշենք, որ Ուրարտու Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի աւարտած ախոյեանութեան գրաւեց երրորդ դիրքը: