Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Պայմանագրութիւնը Ազգի՛ն Հետ Է

Յունիս 11, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Կը գրեմ հաւատքով, յոյսով, ոգեւորութեամբ, բայց նաեւ` վիրաւոր հպարտութեամբ: Երկար պայքարներէ ետք, ահա կը գտնուինք արտահերթ ընտրութիւններու նախօրեակին եւ մտած ենք ընտրապայքարի ընդդէմ այն իսկ սնանկ եւ յանցագործ ու երկիրը պարտութենէ պարտութիւն տանող քաղաքական խլեակին, որ վաղուց արդէն դուրս դրուած պէտք էր ըլլար մեր երկրի քաղաքական բեմէն: Ընդվզեցուցիչ փաստը այն է, որ ան դեռ կը գործէ որպէս վարչապետի պաշտօնակատար եւ իր հասակը կը պտտցնէ ոչ միայն երկրի ճանապարհներուն վրայ (շրջապատուած` ոստիկանական անհատնում օղակներով), այլեւ արտասահմանեան մայրաքաղաքներու մէջ` Հայաստանի դիւանագիտութեան զգայուն դաշտը վերածելով ընտրական կրկէսի:

Այո՛, լիովին կը գիտակցիմ այն իրողութեան, որ գոյութիւն ունին շարք մը հանգամանքներ, որոնք անհնարին դարձուցած են քաղաքական սուր եւ կենսական անհրաժեշտութիւն ներկայացնող վիրահատութիւնը եւ կամուրջ հայթայթած` այս իշխանաւորին երկրի գործադիր իշխանութեան սանձերը առեւանգուած պահելու եւ իր աղէտը տարածելու անպատիժ… Սողոմոնի իմաստութիւնը ըրած է այնպէս, որ հարազատ մայրը, ժամանակաւորապէս գէթ, զիջի իր տեղը աներես եւ անպատիւ յաւակնորդին… Բայց երբե՛ք չկասկածիլ, որ ամէն Սողոմոն Իմաստունի մէջ ի վերջոյ պիտի յայտնուի խենթ Սողոմոնը, որուն անսխալական էութեան քաջածանօթ է ամէն մէկ հայ: Չկասկածի՛լ, որ ամէն մէկ հայ այդ խենթ Սողոմոնն է, որ կը կրէ իր էութեան մէջ` իր գերիմաստուն իմացականութեամբ: Պարտութեան այս վարչակարգը փախուստի ճամբայ չունի այլեւս: Ան պիտի խորտակուի, որպէսզի յառնի անկախութեա՛ն իրաւակարգը, եւ մեր գործը մտնէ իր պատմական հունին մէջ:

Ես կը հաւատամ, որ Հայաստանի ընտրական դաշտը այսօր արդէն կը գտնուի ինքնաբիւրեղացման յստակ հոլովոյթի մը մէջ: Կը հաւատամ, որ Հայաստանի հասարակութիւնը պիտի կրնայ թօթափել իր վրայէն քաղաքական բարոյալքումի ներկայ վարակը եւ բացարձակապէս մերժէ պարտութեան վարչակարգին կողմէ իրեն պարտադրուող այս ամօթը: Մեր ժողովուրդը պիտի կրնայ ՈՉ ըսել իր արժանապատուութիւնն ու պատմութիւնը արատաւորող այս թիւրիմացութեան: Այս ազգը չի կրնար ընդունիլ որեւէ համակեցութիւն մարդու այս տեսակին հետ, որ տարրական քաջութիւնն իսկ չունի իր թշնամին ճանչնալու: Ան պէտք չէ վերապրի Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս թէկուզ նուազագոյն ներկայութեամբ: Հայ անկախ պետականութեան կեանքին մէջ տեղ չի կրնար գոյութիւն ունենալ թշնամիէն կախեալ, թշնամիէն արհամարհուած եւ պատանդի դիրքերէն գործող խուճապահար գործիչներու համար: Հայ անկախ պետականութեան մարմինը պէտք է արմատապէս ախտազերծուի, որպէսզի կարողանայ ապահովել իր անկախութիւնն ու իր լինելիութեան կենսական գործօնները: Ան պէտք է մշտազերծուի ապականութեան բոլոր ընդոծին ախտերէն եւ կանգնի ոտքի` որպէս անվիճելի տէրը մեր երկրի ճակատագրին:

Եւ այս իսկ պատճառով այսօր մենք բացսրտութեամբ կը դիմենք մեր ազգի բոլոր զաւակներուն: Ջրբաժանը, որուն առջեւ կը գտնուինք ազգովին, պարտաւորիչ է հայ անկախ պետականութեան բոլոր ուժերուն համար անխտիր: Ան պարտաւորիչ է մանաւանդ ընդդիմադիր դաշտի բոլոր շերտերուն: Մենք պիտի գիտակցինք, որ Փաշինեանի պարտութեամբ վերջ չի գտներ մեր պետական համակարգի ախտահանման դժուարին գործը:

Պատմութիւնը ըրած է այնպէս, որ մեր վիրաւոր երկրի վերածնունդի բանալին այսօր գտնուի ընդդիմութեան ձեռքերուն մէջ, եւ այդ մէկը կ՛ենթադրէ պատմական եւ բարոյական հսկայ մէկ պատասխանատուութիւն, որուն պէտք է անձնապէս հաւասարի ամէն հայ: Ընտրութիւնը շատ յստակ է: Կա՛մ մենք պիտի երթանք դէպի նոր, կենսունակ, արդիական եւ ազատագրուած պետականութիւն, եւ կա՛մ ազգովին յանձնուինք վերջնական գահավէժին եւ ազգովին դուրս գանք պատմութեան բեմէն: Երրորդ այլընտրանք գոյութիւն չունի: Այս ճակատագրական որոշումը կը պատկանի հայերու ա՛յս սերունդին: Հայ քաղաքական ղեկավարութեան այս հարազատ սերունդն է, որ պիտի վճռէ ճակատագիրը հայութեան բոլոր վաղուան սերունդներուն: Հետեւաբար պէտք է այժմէն իսկ հասկնանք իմաստն ու տարողութիւնը այս հաւաքական յանձնառութեան (commitment):

Մեր երկիրը անցաւ ծով արիւններու մէջէն: Պատերազմը խլեց ամբողջ սերունդ մը մեր տուներէն եւ մեր կեանքերէն: Հազարաւոր մայրեր եւ հայրեր եղան որդեկորոյս: Հազարաւոր երեխաներ որբացան: Հազարաւոր ընտանիքներ մնացին աներդիք եւ աննեցուկ: Հազարաւոր հաշմանդամներ, գերիներ, անթաղ մարմիններ ամէն օր կը ցնցեն մեր հաւաքական գիտակցութիւնը: Ամբողջ երկիր մը կը կոտտայ ցաւի ճիրաններուն մէջ: Ամբողջ ազգ մը դաշունահարուած է իր կռնակէն:

Ճիշդ է` ազգը հաշուի պիտի նստի ազգային այս մեծ աղէտի պատասխանատուներուն հետ: Բայց ոչ ոք, ԲԱՑԱՐՁԱԿԱՊԷՍ ՈՉ Ո՛Ք, թիւր պատրանքը չսնուցանէ իր մտքին մէջ, որ կեանքը պիտի վերադառնայ իր հին կաղապարներուն, երբ վերջապէս հասնի յաղթանակի լուսաւոր օրը մեր ժողովուրդին համար: ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԴԷՊԻ ԿԵԱՆՔԻ ՀԻՆ ՆՈՐՄԵՐԸ, ԱՅՍԻՆՔՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԴԷՊԻ ՕԼԻԳԱՐԽԻԱ ԲԱՑԱՌՈՒԱԾ Է ՎՃՌԱԿԱՆՕՐԷՆ: ԿԸ ԿՐԿՆԵՄ: ԲԱՑԱՌՈՒԱԾ Է ՈՒ ՎԵ՛ՐՋ:

Մեր ազգը ահաւոր գին մը վճարեց իր ազատութեան եւ արժանապատուութեան երաշխիքները նուաճելու համար: Մեր երիտասարդութիւնը մեծ հաւատքով փարած է իր հայրենիքի ազատագրութեան դատին: Մենք կասկած չունինք, որ դեռ մեծ կռիւը մեր առջեւն է: Ազգը դուրս պիտի քշէ թշնամին մեր հայրենիքի սահմաններէն: Այդ բոլորը տեղի պիտի ունենան այն սուրբ պայմանով, որ այսուհետեւ մեր ժողովուրդն ու մեր հայրենիքը անքակտելիօրէն կը պատկանին իրարու եւ զե՛րծ` ամէն տեսակի արտաքին եւ ներքին շահագործողներէ:

«Հայաստան» դաշինքը արդէն հրապարակած է իր ծրագիրը, որուն դրոյթները կը ցոլացնեն նոր եւ արդիական պետականութեան տեսլականը: Ամէն հայ սրտանց պէտք է ողջունէ այս պատմական եղելութիւնը: Դաշինքը կը հրաւիրէ հանրութիւնը` մասնակցելու այդ տեսլականի ձեւաւորման եւ կը յայտարարէ, որ «Հայաստան» դաշինքով իմացաւորուող վաղուան մեր պետականութիւնը պիտի ըլլայ ՄԱՍՆԱԿՑԱՅԻՆ, որ, իր կարգին, կ՛ենթադրէ երկրին եւ ազգին առաջատար մտքերու հաւաքագրումն ու զօրաշարժը:

Այս զօրաշարժը կարելի չէ կենսագործել առանց տոկուն բովանդակութեան: Այս զօրաշարժը կը մերժէ բոլոր փուճ եւ ապակողմնորոշիչ լոզունգները: Մենք պէտք ունինք ազգի կարողականութիւններու, հմտութիւններու, ոգեկան ուժի եւ համաշխարհային ներկայութեան աննախընթաց համատեղման: Ազգը պիտի միաւորուի մէկ ընդհանրական տեսլականի շուրջ, մէկ ընդհանրական դրօշի տակ, որ մեր ԵՌԱԳՈՅՆՆ է, մէկ Հայաստանի զինանշանով եւ անփոփոխելի մեր ազգային օրհներգով, որ արեան մկրտութիւն ստացած «ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔ»-ն է եւ վե՛րջ:

Պիտի վերականգնին` երկրի ազգային պաշտպանութիւնը, ազգային տնտեսութիւնը, գիւղատնտեսութիւնը, ռազմավարական ենթակառոյցները, ազգային կրթութեան կենսական նորմերը: Պիտի վերականգնին` ազգային մշակոյթի օրգանները, առողջապահական համակարգը, ընկերային (սոցիալական) ապահովութեան մատուցակարգերը (delivery systems): Նոր ուժականութեամբ պիտի գործեն երկրի արտաքին քաղաքականութեան հնոցները: Հայ անկախ պետականութիւնը պիտի վերանուաճէ իր արժանի տեղը տարածաշրջանի ռազմաբեմին վրայ:

Եւ որպէսզի այս կենսական զօրաշարժը ըլլայ մշտական, համազգային եւ անսասանելի, նոր պետականութեան օրակարգին վրայ կեդրոնական տեղ պիտի ունենայ երկրի մենաշնորհային համակարգը արմատապէս յեղաշրջելու առաջնահերթութիւնը: Այս առաքելութիւնը էական է եւ անյետաձգելի: Ազատ ձեռնարկատիրական տնտեսութիւնը ոչ ոքի կամայական խաղավայրը չի կրնար ըլլալ այլեւս: Ըսած ենք ու կը կրկնենք: Շուկան չի պատկանիր շուկայական ուժերուն: Ան կը պատկանի հանրութեան ու ազգին, եւ հոն պիտի գործեն հանրութեան եւ ազգին հաստատած արդարախոհ կանոնները: Շուկայական ուժերը ազատ են մրցելու ողիմպիական այս մրցադաշտին մէջ, որ կը պատկանի հանրութեան: Իրենք ազատ են դաշտը օգտագործելու: Իրենք ազատ չեն դաշտը աղաւաղելու: Ազգային հարստութիւնը ի վերջոյ պիտի գտնուի հանրութեան հակակշռին տակ, եւ ազգային եկամուտը ենթակայ պիտի ըլլայ հանրութեան հաստատած եւ հաստատելիք վերաբաշխումի քաղաքականութեան:

«Հայաստան» դաշինքի թեկնածուն` նախ. Քոչարեան կարեւորութեամբ շեշտեց այն ցնցիչ փաստը, որ վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին երկիրը լքած է մօտ 80.000 մարդ: Ասիկա ծայրայեղ յուսալքումի աղաղակող ստուգանիշն է, որ այսօր կը գործէ միայն ու միայն ի նպաստ թշնամիին: Պարզ խօսքով, ներկայ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ, եւ ի պատասխան անցնող երեսուն տարիներու դառն փորձին եւ այդ իսկ պատճառով, մեր ժողովուրդն է, որ պարտադրաբար կ՛օտարուի իր հայրենիքէն: Ան կը ստիպուի լքել իր հայրենիքը: Խզուի՛լ իր ինքնութենէն: Իր արմատներէ՛ն: Միւս կողմէ` երկրի մենաշնորհային համակարգը իր մեծ շահոյթը կը տանի երկրէն դուրս` փշրանքներ միայն տրամադրելով երկրի տնտեսութեան վերաներդրումային դաշտին: ԱՅՍ ԱԽՏԱՒՈՐ ՇՐՋԱՆԱԿՆ Է (vicious circle), ՈՐ ՊԻՏԻ ԱՆՅԱՊԱՂ ՓՇՐՈՒԻ ՎԱՂՈՒԱՆ ՄԵՐ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ: Ան պիտի փշրուի վերածնունդի կառավարութեան տնտեսական խիզախ քաղաքականութեամբ: Փաշինեանական աղէտը վերջնական լուծարման ենթարկելու միակ իսկական բանալին կը գտնուի մեր պետութեան եւ ժողովուրդի այս խիզախ յանձնառութեան մէջ: Ներառական քաղաքականութեան այս պատմական գրաւն է, որ այժմ մարմին կը ստանայ «Հայաստան» դաշինքի ճանապարհային քարտէսով:

Մենաշնորհային համակարգի արմատական յեղաշրջումը անսակարկելի է: Մենաշնորհային համակարգը պէտք է ամէն գնով բերուի մրցակցային դաշտէն ներս, որպէսզի երկրի տնտեսութիւնը վերադարձուի իր իսկական իրաւատիրոջ` Հայաստանի քաղաքացիին եւ համայն հայութեա՛ն: Եւ որպէսզի Հայաստանը կարողանայ ընդգրկուիլ համաշխարհային տնտեսութեան աւազանին մէջ ուժական եւ հաւասարազօր ներկայութեամբ: Եւ որպէսզի բիւրեղանան մեր երկրի տնտեսութեան մրցակցային առաւելութիւնները եւ ամրակայուի իսկական աշխատատեղերով յագեցած մեր երկրի բարձրորակ աշխատաշուկան:

Չի՛ք ազատութիւն` առանց մեր ազգի զաւակներու լիազօրող արժանապատուութեան: Չի՛ք իրական բարգաւաճութիւն` առանց մեր ժողովուրդի գիտակից եւ նուիրեալ հայրենատիրութեան: Չի՛ք յաղթանակ` առանց արդարակորով եւ ապագայասեռ Հայաստանի ազգային քաղաքականութեան հիմնուած` մեր ազգային գերագոյն շահերու գերակայութեան վրայ:

Մեր պայմանագրութիւնը միշտ պիտի ըլլայ ազգին հետ: Մեր պայքարի առաջնագիծը մեր ազատ եւ անկախ պետականութեան, հայոց հայրենիքի հողային ամբողջականութեան, միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստանի հզօր տեսլականն է արդիւնաւէտ գործի բոլոր ստորոգելիներով:

6 յունիս 2021

 

Նախորդը

Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան Վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետին Մօտ

Յաջորդը

Հայաստանի Արտահերթ Ընտրութիւններու Սեմին` Հարցազրոյց ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Բենիամին Պչաքճեանին Հետ

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ (15 Մայիս 2025)
Անդրադարձ

Շնորհահանդէս՝ Երեքշաբթի 20 Մայիսին. «Լիբանանահայ Թատրոնը (1920-2020)» (Հեղինակ` Յարութ Գնդունի)

Մայիս 16, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Յիշելով Օլիվըր Նորթը Եւ «Խունթա»-ները

Մայիս 16, 2025
Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան
Անդրադարձ

Համահայկական Հռչակագրի Տասնամեակին Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչումը Ծուռ Հայելիին Մէջ

Մայիս 16, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?