Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի աղջկանց բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան ախոյեանի կոչումը նուաճեց Գիւմրիի Հայասա խումբը:
Իր կատարած 15 մրցումներուն, Հայասան ապահովեց 41 կէտ, նշանակեց 162 կոլ եւ իր բերդին մէջ ստացաւ միայն 5 կոլ:
Այսպիսով, Գիւմրիի խումբը իրաւունք ստացաւ յառաջիկայ տարեշրջանին իր մասնակցութիւնը բերելու «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն: