Ռուսիան ներկայացնող թենիսվումըն Մարկարիթա Գասպարեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ֆրանսայի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին («Ռոլան Կարոս»), կանուխ հրաժեշտ տուաւ անոր, երբ Ա. հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին 6-0 եւ 6-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց աշխարհի միջազգային դասաւորման մէջ 75-րդ դիրքին վրայ գտնուող ամերիկացի Անն Լիէն:
Նշենք, որ Գասպարեան միջազգային դասաւորման մէջ կը գտնուի 100-րդ դիրքին վրայ:
Աշխարհի դասաւորման մէջ 7-րդ դիրքին վրայ գտնուող ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմս յաջողեցաւ ապահովել Բ. հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը, երբ արձանագրեց 7-6 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը` ռումանացի Իրինա-Քամելիա Պեկուի դէմ:
Սակայն Սերենայի քոյրը` Վինըս, դուրս մնաց մրցաշարքէն, երբ 6-3 եւ 6-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց 32-րդ դասուած ռուս Էքաթերինա Ալեքսանտրովայէն:



