Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օրակցելով Հանգստեան Կոչուած Զօրավարներու Բաց Նամակին` Ֆրանսացի Զինուորականներ Բաց Նամակ Յղած Են Իշխանութիւններուն` Զգուշացնելով Երկրին Մէջ Քաղաքացիական Պատերազմի Վտանգէն

Մայիս 11, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսական «Վալէօր Աքթիւել» շաբաթաթերթը հրապարակած է ուղերձը խումբ մը ֆրանսացի գործող զինուորականներու, որոնք հանդէս եկած են ի պաշտպանութիւն հանգստեան կոչուած զօրավարներու` երկրի իշխանութիւններուն նախապէս յղած բաց նամակին: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

Նամակին հեղինակները, որոնց անունները չեն նշուիր, դատապարտած են ֆրանսական իշխանութիւններուն արձագանգը հանգստեան կոչուած զօրավարներու` երկրին մէջ իսլամականներուն պատճառով գոյութիւն ունեցող քաղաքացիական պատերազմի վտանգի մասին նամակին:

«Անոնց հետ վերաբերուած են ինչպէս ապստամբներու հետ, երբ անոնց միակ մեղքը իրենց երկրին նկատմամբ սէրն է: Մենք մեր քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ բռնութիւն կը տեսնենք: Մենք կը տեսնենք, որ Ֆրանսայի եւ անոր պատմութեան նկատմամբ ատելութիւնը սովորական երեւոյթ դարձած է: Գործեցէ՛ք. խօսքը մեր եւ ձեր երկրին գոյատեւման մասին է», նշուած է նամակին մէջ, որուն հեղինակերուն կարծիքով` Ֆրանսայի մէջ «արդէն քաղաքացիական պատերազմ սկսած է»:

Նշենք, որ «Վալէօր Աքթիւել» ամսագիրը 20 հանգստեան կոչուած զօրավարներու բաց նամակը հրապարակած էր ապրիլին:

Նամակին մէջ կը խօսուի քաղաքացիական պատերազմի սպառնալիքի մասին, որ, անոնց համաձայն, կրնայ վերածուիլ լարուածութեան եւ հասարակութեան պառակտման: Ֆրանսայի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ, զօր. Ֆրանսուա Լեքուենթր «Լը Փարիզիեն» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած էր, որ բաց նամակի հեղինակ հանգստեան կոչուած զօրավարներուն դէմ պատժամիջոցներ պիտի կիրարկուին:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով «Սիւտ Ռատիօ» ձայնասփիւռի կայանին, հաղորդեց, որ Ֆրանսայի տնտեսութեան, ելեւմուտքի եւ վերականգնման նախարարութեան կից արդիւնաբերութեան հարցերով նախարար-պատուիրակ Անիես Փանիէ Ռիւնաշէ յայտնած է, որ Ֆրանսայի մէջ ծառայութեան մէջ գտնուող զինուորներէն կառավարութեան ուղղուած դիմում-խնդրագիրները քաղաքականացուած են եւ իրականութեան մէջ ուղղուած են կարգի տապալման եւ ոչ թէ պաշտպանութեան:

«Ատիկա անանուն դիմում է, այնպէս որ մենք չենք գիտեր, թէ որո՛ւ կողմէ կու գայ: Բացի ատկէ, ատիկա քաղաքական գրութիւն է, որ կը հակասէ զինուորական ծառայութեան սկզբունքներուն», յայտարարած է Փանիէ Ռիւնաշէ:

Պաշտօնատարին համաձայն, նոր նամակին հեղինակները «կ՛օգտագործեն ծայրայեղ աջ ուժերու եզրերը, ինչպէս որ կը վարուի Մարին Լը Փենի ղեկավարած «Ազգային ճակատ» կուսակցութիւնը:

«Փաստեր նշելը բան մըն է, իսկ կարգը պաշտպանելու պատրուակով անկարգութիւններու կոչ ուղղելը` այլ բան, ինչ որ տողատակի կը հասկցուի տուեալ խնդրագիրին մէջ», վստահ է նախարար-պատուիրակը:

Ան նշած է, որ անվտանգութեան հարցը արդիական է նախ եւ առաջ համեստ եկամուտ ունեցողներուն համար, որովհետեւ ճիշդ անոնք ամէնէն յաճախ կը բախին նման խնդիրներու: Ան վստահեցուցած է, որ կառավարութիւնը ամէն ինչ կ՛ընէ իր քաղաքացիները պաշտպանելու համար:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Էրտողան Յոյն Ուղղափառներու Բարթողիմէոս Բ. Պատրիարքին Յայտնած Է, Որ Յոյները Պէտք Է Վերադառնան Թուրքիա

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?