Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնած է. «Թուրքիան չխնդրեց, որ Իսրայէլ անգամ մը եւս դեսպաններու փոխանակման համաձայնի»:
Իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը, մէջբերելով անանուն թուրք պետական պաշտօնատար մը, նախապէս հաղորդեց. «Թուրքիան այս շաբաթ Իսրայէլին յայտնեց, որ պատրաստ պիտի ըլլայ Թել Աւիւ դեսպան ուղարկելու, եթէ իսրայէլացի դեսպան մը Անգարա ուղարկուի»:
Օրաթերթը աւելցուց, որ ատիկա տեղի պիտի ունենայ «անմիջապէս, որ Իսրայէլ նոյն պահուն խոստանայ Անգարա դեսպան ուղարկել»:
Իսրայէլեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը նոյն ատեն յայտնած է, որ թուրք ոեւէ պաշտօնատարէ այդ մասին չէ լսած, իսկ Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը մերժած է լուրը մեկնաբանել:
Դիւանագիտական բարձրաստիճան աղբիւր մը «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին յայտնած է. «Թուրքիան անցեալ տարուան վերջաւորութեան, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Իսրայէլին բացուելու մասին հրապարակաւ յայտարարելէն ետք, շարունակեց ապաստան տրամադրել ահաբեկչական Համասին»:
Աղբիւրը աւելցուցած է, որ Էրտողան ունի «աշխատելաձեւ մը, որուն միջոցով կը փորձէ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները ամրապնդել, եւ նոյն ատեն կ՛աջակցի իսլամականներուն, որոնք Իսրայէլի վրայ յարձակում կը գործեն: Ան չի կրնար երկուքը ունենալ: Չես կրնար Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները ամրապնդել եւ ըլլալ տեղ մը, ուր Համասի գործիչները չափազանց հանգիստ կը զգան»:
Էրտողան դեկտեմբեր 2020-ին յայտարարած էր, որ իր երկիրը Իսրայէլի հետ գաղտնի սպասարկութեանց ոլորտին մէջ ունի «շարունակուող եւ չդադրած» յարաբերութիւն, եւ Անգարա կ՛ուզէ «Իսրայէլի հետ աւելի լաւ յարաբերութիւններ հաստատել, սակայն Պաղեստինի վերաբերեալ անոր քաղաքականութիւնը անընդունելի է»:
Յիշեցնենք, որ Էրտողան 20 օգոստոսին սպառնացած էր իր դեսպանը Ապու Տապիէն տուն կանչել կամ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ յարաբերութիւնները առկախել` հակադարձելով Իսրայէլի հետ վերջինիս ստորագրած համաձայնութեան: