«Ցեղասպանութիւնը կը նպատակադրէ համակարգուած գործողութիւններու ծրագիրով ոչնչացնել ազգային հաւաքականութիւններու կեանքի էական հիմքերը: Նման ծրագիրի մը նպատակներն են` ազգային հաւաքականութիւններու քաղաքական եւ ընկերային կառոյցներու, մշակոյթի, լեզուի, ազգային գիտակցութեան քայքայումը®.»:
ՌԱՖԱՅԷԼ ԼԵՄՔԻՆ
ՄԱԿ-ի ցեղասպանութեան մասին պայմանադրութեան հեղինակ
21-րդ դարու քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ ցեղասպանութիւնները կը շարունակուին: Պատահական չէ, որ նոյն 21-րդ դարուն անթաքոյց գործադրուին մշակութային եղեռնագործութեանց դէպքերը:
«Պի. Պի. Սի.» համաշխարհային լրատուամիջոցը մարտ 25 թուակիր լրատուական հրապարակումով մը կը հաստատէ, որ 2020 թուականի Արցախեան պատերազմի ընթացքին բռնագրաւուած Մեխակաւան բնակավայրի Զօրաւոր Ս. Աստուածածին եկեղեցին հիմնայատակ աւերուած եւ ոչնչացած է:
Պաքուի հայատեացութեան քաղաքականութիւնը տարիներէ ի վեր ընդգրկուած է Ազրպէյճանի կրթական հայեցակարգին եւ տեղեկատուական համակարգին մէջ` որպէս պետականօրէն ծրագրուած քաղաքականութիւն: Պատմութիւնը եղծելու եւ վերաշարադրելու մոլուցքին մէջ չխնայուեցաւ նոյնիսկ հայութեան հոգեւոր ժառանգութիւնը, որուն վկայութիւնն է 2006 թուականի Հին Ջուղայի խաչքարերու ջարդն ու բնաջնջումը:
Ջուղայի խաչքարերը բարբարոսաբար քանդած ազրպէյճանցիները պիտի չվարանին ոչնչացնել Արցախի հոգեւոր ժառանգութիւնը:
1998-2006 թուականներուն Նախիջեւանի տարածքին ոչնչացուած է այն, ինչ որ մնացած էր Խորհրդային Միութեան օրերէն որպէս հայկական հոգեւոր ժառանգութիւն` տասնեակ վանքեր, եկեղեցիներ եւ Ջուղայի գերեզմանատան աւելի քան 4500 խաչքարերը: Ագուլիսի եւ Ապրակունիսի եկեղեցիներու վայրերուն վրայ կառուցուած են մզկիթներ:
Որեւէ ժողովուրդի կամ ազգային հաւաքականութեան մշակոյթը ոչնչացնելու նպատակով իրականացուած գործողութիւնները ազգային-մշակութային ցեղասպանութեան համազօր են: Ցեղասպանութիւն եզրոյթի հայր` Ռաֆայէլ Լեմքինի իսկ բնորոշմամբ, ցեղասպանութիւնը ոչ միայն ազգային կամ կրօնական հաւաքականութիւններու ոչնչացումն է` ֆիզիքական բնաջնջմամբ, այլեւ` հոգեւոր մշակոյթի ոչնչացումով:
1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան շարունակութիւնը օր ցերեկով կը կատարուի Արցախի մէջ…1912-1913 թուականներու Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի կողմէ ցանկագրուած եւ թրքական կառավարութեան փոխանցուած պաշտօնական տեղեկագրութեանց համաձայն` Արեւմտահայաստանի մէջ կանգուն էին եւ կը գործէին 2000-է աւելի հայկական վանքեր եւ եկեղեցիներ… Այսօր այդ պատմական յուշարձաններէն մնացած են քանի մը տասնեակ կիսաւեր վանքերու խլեակներ:
Միջնադարեան եկեղեցիները, վանական համալիրները, զանգակատուները, գերեզմանատուները, սրբավայրերը, դամբարանները, աստուածաբանական դպրոցները Արցախի մէջ բազմադարեայ հայկական քաղաքակրթութեան եւ քրիստոնէական հաւատքի վկաներն են, ուստի` ոչնչացնել ու մոխրացնել այդ ամբողջը, կը նշանակէ պատմութեան էջերէն ջնջել ու անէացնել հայ ժողովուրդի պատմութեան հետքերը:
Միջազգային կառոյցներ պէտք է վերահաս ըլլան, որ հոգեւոր ժառանգութեանց սրբապղծութեան դէպքերու անպատժելիութիւնը մշակութային նոր ոճիրներու ճանապարհ կը հարթէ:
Կորստեան ենթարկուելու վտանգին տակ է մեր ազգի հոգեւոր ժառանգութիւնը, թուրք-ազրպէյճանական ամէնօրեայ սպառնալիքի տակ են Արցախն ու Սիւնիքը: Գործադրութեան դրուած է փանթրքութեան ծրագիրը:
Երէկ Արեւմտահայաստան ու Նախիջեւան, այսօր` Արցախ, թուրք-ազրպէյճանական մշակութային Եղեռնը կը շարունակուի օր ցերեկով: Մշակութային ցեղասպանութիւնը կասեցնելու գծով անհրաժեշտ է համաշխարհային մշակութային ժառանգութեանց երաշխաւոր Միացեալ Ազգերու Կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութեան մօտ ազգովին ու յատկապէս պետական լծակներով բողոքարշաւի ալիք ծաւալել` սանձելու հայասպանութեան ու հայատեացութեան այս գործընթացը: