Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՊՐԻՍՄԱԿ. ՀԱՅՐԵՆԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՆՈՑԸ (ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՆԱԿԻ ՏԱՐԻ)

January 28, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Պիտի ըսեն շատեր, թէ ինչո՛ւ ամէն քայլափոխի երբ պատեհ առիթը կը ստեղծուի անդրադառնալու հայոց բանակին պահ մը առանց երկմտանքի` ամբողջ ազգի մը ողջ պատմութիւնն է, որ կ՛ուրուագծուի` շքեղ յաղթանակներու, տխուր պարտութիւններու  թէ գոյութենական պայքարի համայնապատկերին ընդմէջէն:

Յայտնապէս, ազգային մեր պարունակին խոր եւ յաւերժահունչ թելադրանքն է անիկա` դարերու ծանրութեամբ յագեցած եւ հայու նկարագրային բարեմասնութիւններով ջրդեղուած:

Այլ խօսքով, հայոց պատմութեան բովանդակ իրականութեան մէջ, հայ մարտունակ կերպարի, ազատասէրի եւ հայրենասէրի ամբողջ էութիւնը առանձնապէս իր կշիռն է ունեցած դիպաշարերու գործընթացին վրայ, ուր արիաբար մարտնչած եւ հերոսաբար նահատակուած հայոց բանակը անփոխարինելի պատուարն է հանդիսացած` հայրենքի ու ժողովուրդի պաշտպանութեան:

Փաստօրէն, մամիկոնեաններու հերոսապաշտ եւ ազգանուէր առհաւական արժանիքներու բոցկլտումները չէի՞ն հետագայ  դարերու ազգային լինելութեան բոլոր մաքառումներուն շարժառիթն ու մղիչ ուժը:

Արդեօ՞ք չափազանցութի՞ւն է ընդգծել այն իրողութիւնը, թէ ներկայ օրերու հայ զինուորի սէգ ճակատին ու մարտունակ ներաշխարհին  սնուցանումը, եթէ մէկ կողմէ հայրենասիրական զգացումներու արտայայտութիւններն են, ապա միւս կողմէ` անտարակոյս, արիասիրտ նախնիներու անխառն շաղախը:

Եւ սա, հաւանաբար իւրայատկութիւն մըն է հայ ժողովուրդին համար, որով կը պարծենայ ան, կ՛ապրի եւ այդ շունչը կը փոխանցէ սերունդէ սերունդ, հակառակ դառն եւ ծանրակշիռ իրավիճակներու:

Անցնինք:

Հայրենի պետականութիւնը 2012 տարին հռչակած է Ազգային բանակի տարի: Իսկ յունուարի 28 թուականը անցած է այն տօներու շարքին, որով կը նշուի նոր ժամանակներուն կազմաւորուած հայոց բանակի յաղթերգն ու անոր արժանահաւատ գոյութեան իմաստը:

Այնուամենայնիւ, վերանկախ հայրենիքի եւ նորաստեղծ պետականութեան ամրակայման ամբողջ ընթացքին, հայոց բանակի 20-ամեայ պատմութիւնը երկնեց նուիրական ու հնչեղ այն պատուանդանը, ուր Արցախեան ազատագրական պայքարի թէ հայրենի սահմաններու պաշտպանութեան ընթացքին, երբ բարբարոս թուրք-ազերին կը փորձէր բնաջինջ ընել հայութիւնը,   բարոյալքել նորօրեայ ֆետային ու ազատամարտիկը, կործանել հայրենի շէներն ու բնօրրանը համակ, հայ մարտունակ բազուկին եւ անկոտրում կամքին շնորհիւ ազգը տոկաց, ոսոխին յաղթեց եւ կերտեց իր անկախութիւնը:

Այլապէս այդ հերոսագրութիւնը կարելի պիտի ըլլա՞ր արձանագրել առանց ոգեկան ներկայութեան այն իրերայաջորդ փաղանգներուն, որոնք հայրենի լեռներու ծերպերուն թէ գագաթներուն վրայ օրհնեցին Հայկեան բազուկի անառարկելի ուժն ու կարողականութիւնը, երբ անհաւասար մարտերու ընթացքին հայութեան տուին ամենանուիրական բարեմասնութիւնը` թշնամիին կուրծք ցցելու, արիութեամբ ազգը պաշտպանելու եւ ազգային արժանապատուութեան տէր կանգնելու գիտակցութենէ թելադրուած:

Անոնք` Դաւիթ բէկեան ուխտի ժառանգորդներ, դէմ դրին թուրք զազրելի հորդաններուն եւ կերտեցին Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը:

Իրօք, նորանկախ հայրենիքի բանակը եթէ մէկ կողմէ կոչուած է տէր կանգնելու հայութեան, անվտանգ պահելու հայրենի սահմաններն ու դարերու ժառանգութիւնը, ապա, միւս կողմէ անոր սրբազան առաքելութեան մաս կը կազմէ նաեւ` հայրենապաշտ սերունդներու պատրաստութիւնն ու առողջ կազմաւորումի հրամայական պահանջը:

Այլ խօսքով, հայոց բանակի մարտունակ, արհեստավարժ եւ քաջասիրտ յատկութիւններուն առընթեր, անոր շարքերուն մէջ ռազմահայրենասիրական ուսմունքի եւ բարոյահոգեբանական ներաշխարհի ակօսները պէտք է անընդհատ ջրդեղուին` հայ առասպելատիպ անհատականութիւններու թողած ժառանգով, Արամներու, Գարեգին Նժդեհներու, Դրօներու, Մուրատներու, Անդրանիկներու եւ բազում տիտաններու ոգեկան բարձրութեամբ:

Աւելի քան երբեք, այսօր, հայոց բանակի կենսունակութեան, շարքերու պայծառութեան եւ դիմադրողականութեան առաւել ամրապնդումին համար, չի բաւեր դասական դարձած վարժանքներու եւ ռազմարուեստի հմտութիւններ փոխանցել, որովհետեւ հայոց բանակը իր ուխտով, արժեհամակարգով եւ հեղինակութեամբ ազգին համար շատ աւելին է եւ անով կը պարծենայ իւրաքանչիւր հայորդի աշխարհի բոլոր տարածքներուն:

Ճիշդ է, Արցախեան գոյամարտի ամէնէն թէժ մարտերուն, երբ բարբարոս թշնամին կը յոխորտար իր ունեցած զինական գերակայութեամբ, անդին, հայ ազատամարտիկներ ապաւինելով իրենց ոգեկան ամուր պահուածքին եւ նախնեաց կտակին  հրաշքներ կը գործէին հայրենի լեռներուն վրայ` հերոսաբար կասեցնելով վայրագ թշնամիին յարձակումները, աւելի՛ն. վերագրաւելով հազարամեայ բնօրրանի սուրբ տարածքերը:

Արդ, հայոց բանակին մէջ ծառայութիւնը սոսկական դիպուածի մը կամ պարտաւորութեան գործընթաց պէտք չէ նկատել, այլ մէկուկէս միլիոն նահատակներու վրէժխնդրութիւնը, թրքութեան հայատեաց վարքագծերու դէմ դնելու գիտակցութիւնը, հայրենի գրաւեալ հողերու վերատիրացման հաւատամքի ամրագրումը, վախի ու պարտուողականութեան թօթափումը, բոլորին յարգանք պարտադրելու ամուր եւ անփոխարինելի հայեցակարգը:

Յիրաւի, վաւերական է այն հասկացողութիւնը, թէ ազգային բանակի հայրենասէրի գիտակցական մակարդակն ու ազգակերտ մտասեւեռումերը, ոգեշունչ եւ ռազմունակ կարողականութիւնը էապէս կը հանդիսանան ազգային պաշտպանուածութեան բարձրագոյն համակարգը:

Անոր ինքնավստահ, կեդրոնաձիգ, աշխուժ եւ գաղափարական աշխարհահայեացքը մեր պետականութեան լինելութեան երաշխաւորն է անկասկած:

Իրերայաջորդ սերունդներու ազգային յիշողութիւնը վառ պահելու կռուանն ու փարոսն է ան:

Քաղաքակիրթ աշխարհի ու հպարտ ազգերու շարքին դասուելու ապաւէնն է հայոց բանակը:

Ազգային արժանիքներու եւ ստեղծագործ մտքի առաւել ուժեղացումին եւ պայծառացումին անխարդախ շտեմարանն է:

Թուրք-ազերի զազրութեան եւ սին յոխորտանքներուն դէմ իր հարուածողի կերպարով, հայոց ազգային բանակի ուսմունքը ներշնչող է առհասարակ:

Հայրենի սահմաններուն ամբողջ երկայնքին ցուցատախտակներու վրայ արձանագրուած  «Զգոյշ թշնամին նենգ է» վերտառութիւնը յաւելեալ ապացոյց է, իւրաքանչիւր զինուորի զգօնութիւնը պահելու եւ թշնամիին վատութիւնը մատնանշելու:

Այսօր, եթէ երբեք թուրք-ազերին ամէն առիթի իր սպառազինութեան լուրերը կ՛աւետէ աշխարհին, խորքին մէջ իր սնանկութիւնն ու ապիկարութիւնն է, որ կը յայտնաբերէ, որովհետեւ ազգային բանակներու ամբողջ պատմութեան մէջ, կորովի, մարտունակ կեցուածքի, քաջասիրտ եւ զոհաբերող փաղանգներու ներկայութիւնն է, որ ներուժ հանդիսացած է ամբողջ ազգին եւ յաղթանակի կերտումին:

Այսուհանդերձ, ներազգային կեանքի մէջ յամեցող են նաեւ տխուր եւ անըմբռնելի երեւոյթներ: Հակառակ այն իրողութեան, որ հայութիւնը իր բոլոր շերտերով թեւ եւ թիկունք է ազգային բանակին, տակաւին առկայ են մօտեցուներ եւ անտեղի վերաբերումներ հայոց բանակին նկատմամբ:

Նման կացութիւններու ականատես ենք մերթ ընդ մերթ, երբ քաղաքական ոլորտներու ներկայացուցչութիւններ թէ անհատական շահախնդիր մօտեցումներու իբրեւ հետեւանք, փորձ կը կատարուի հայոց ազգային բանակը ներքաշել քաղաքական հարթակ, պէս-պէս հաշուարկներու եւ տկլոր հաշիւներու ի խնդիր:

Ասոնք ցաւալի եւ ուգնօրէն դատապարտելի երեւոյթներ են, որոնց անյապաղ կասեցումը, մեզ` հաւաքաբար պիտի ամրապնդէ, յատկապէս առաւել եւս պիտի հզօրացնէ  ինքնապաշտպանութիւնը:

Միւս կողմէ, եւ հակառակ բազմաթիւ առիթներու եւ զգօնութեան հրաւէրներուն, տակաւին ազգային բանակի շարքերուն մէջ կը յամենան այնպիսի «մութ» եւ անթափանցիկ երեւոյթներ, որոնք բազմաբնոյթ հարցականներու տեղիք կու տան:

Յիշեալ կացութիւններուն եւ առհասարակ պատահած խենեշ արարքներու մասին հայ զանգուածային լրատուութիւններ եւ ի մասնաւորի համացանցային աշխարհի տարբեր պատուհաններ արդէն իսկ կը ծանուցեն հայու սիրտն ու արժանապատուութիւնը խոցող մանրամասնութիւններ:

Հայրենի պետականութիւնն ու ի մասնաւորի հայոց բանակի ղեկավարութիւնը ստանձնած  պատկան մարմիներ եւ կառոյցներ պարտաւոր են ամենայն լրջութեամբ վերականգնել ազգային այս հաստատութեան նկատմամբ բոլորիս վստահութիւնն ու յարգանքը:

Հայ ժողովուրդը խորապէս կը հաւատայ եւ պիտի շարունակէ հաւատալ, որ հայոց ազգային բանակը մեր սրբազան իտէալներուն եւ հազարամեայ տենչերուն պաշտպանն ու պահապանն է, որուն ուժական, կարգապահ եւ արհեստավարժ ունակութիւններու զարգացման համար պէտք է զոհել ամէն բան:

Փաստօրէն, երբ ազգային տենչերու եւ քաղաքական հեռահար նպատակներու երազանքը տակաւին վառ է, երբ Հայաստանի անվտանգութիւնն ու հայ ժողովուրդի բարօր կեանքը պահպանելու հրամայականը ամէնօրեայ պատգամ է, երբ Արցախեան գոյամարտի սխրանքներուն քաղաքական նուաճումը տակաւին կը սպասէ պատեհ ժամանակին, հայոց բանակի բացարձակ հզօրացումը աւելի քան անհրաժեշտութիւն է եւ բոլորիս պարտաւորութիւնը:

Հայոց բանակի տօնը առանձնապէս կը տարբերի միւսներէն, անոր շաղախը հայ զինուորին ու ազատամարտիկին արեամբ ջրդեղուած է, հերոսագրութիւնները կերտուած են հայ մարտունակ կամքի ու անձնդիր զոհողութեամբ, հայրենի լեռներուն վրայ ֆետայական պանծալի հրաշք արարքները, նուիրաբերումի եւ թշնամիին դէմ կանգնելու անյեղլի կամքը, ազգային պարունակի ամենահզօր արժանիքներն են եւ յաւերժահունչ պատգամները:

Արարատի փէշերուն եւ անոր սէգ հայեացքներուն ներքեւ հայոց բանակի ներկայութիւնն ու հզօրանքը այլապէս մեր բոլոր իրագործումներուն եւ գալիք գործունէութիւններուն երաշխիքն է,   ազգակերտումի եւ հայրենակերտումի հնոցը:

Ժողովրդականացնենք հայ մարտունակ կերպարի էութիւնը, սնուցանելով ազգային ազատագրական պայքարի մէն մի դրուագ եւ հերոսապաշտ տիտաներու ոգեկան ներկայութեամբ ապրեցնենք հայկեան բազուկի յաղթերգը:

 

Նախորդը

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻ 20-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ. ԱՅՍ ԽԱՂԱՂ ՕՐՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ ՊԱՐՏՔ ԵՆՔ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԻՆ

Յաջորդը

«ԴՐՕՇԱԿ»-Ի ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱԶԱՏ ՇՈՒԿԱՅ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.