Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 16, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան համաձայն, վերջին 24 ժամուան ընթացքին Լիբանանի մէջ արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1739 նոր վարակուածներ եւ մահացած 44 ուրիշներ: Նշենք, որ Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ այս տարուան ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ Լիբանանի բնակչութեան 50 առ հարիւրին պատուաստ հայթայթել:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւէրով` ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի, առողջապահութեան, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբերը այսօր` երեքշաբթի, 16 փետրուար 2021-ին պիտի գումարեն միացեալ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի Միջազգային դրամատան կողմէ Լիբանանին տրամադրուելիք վարկը` օժանդակելու համար տնտեսական տագնապէն տուժող կարիքաւոր քաղաքացիներուն եւ հակակշռելու համար «Քորոնա» համաճարակին տարածումը: Նշենք, որ Պըրրի ընդունեց նախկին երեսփոխան Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր` երեքշաբթի, 16 փետրուար 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը` Հըզպալլայի նահատակ ղեկավարներու յիշատակի ոգեկոչման տարեկան ձեռնարկին առիթով:

ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդը երէկ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութիւնը տակաւին կը մնայ միակ ելքը, որ կրնայ հարթել կառավարութեան կազմութիւնը արգելակող խոչընդոտները եւ ապահովել նոր կառավարութիւն մը կազմելու կարելիութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի դեսպանատան մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն վերաբերող միացեալ հարցեր:

 

 

Նախորդը

Համագործակցութեան Յուշագիր` Հայաստանի Ազգային Գրադարանին Եւ «Ազդակ»-ի Միջեւ

Յաջորդը

Ուազնի Ռիատ Սալամէէն Ստանձնած Պաշտօնական Նամակը Նկատեց Դրական

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?