ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ հաստատեց հանրապետութեան նախագահին եւ նշանակուած վարչապետին միջեւ խորհրդակցութիւնները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ իրաւասութիւններուն յանձնառու մնալը չ՛արգիլեր ճկունութիւնը: Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Լիբանանի համար միջազգային խորհրդաժողով գումարելը երկրին գերիշխանութեան չի սպառնար: «Մենք պատրաստ չենք մութին դիմաց մեր պատգամ երկիրը կորսնցնելու», շեշտեց ան: Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը հանդիպում մը ունեցաւ հրաժարած երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամի հետ: Հանդիպումէն ետք Աֆրամ յայտնեց, որ Լիբանանի գոյութիւնը վտանգէ փրկելու համար այլեւս միայն միջազգային ընտանիքին ջանքերուն կարելի է վստահիլ:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ 2020-2021 կրթական տարեշրջանը առցանց ուսուցման կերպով պիտի ընթանայ` ցնոր տնօրինում:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի, առողջապահութեան, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբերը հրաւիրեց միացեալ նիստի մը, որ պիտի գումարուի վաղը` երեքշաբթի, 16 փետրուար 2021-ին: Պիտի քննարկուին Միջազգային դրամատան կողմէ Լիբանանին տրամադրուելիք վարկը, որ պիտի օգտագործուի օժանդակելու համար տնտեսական տագնապէն տուժող կարիքաւոր քաղաքացիներուն եւ հակակշռելու համար «Քորոնա» ժահրի համաճարակին տարածումը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա վաղը` երեքշաբթի, 16 փետրուար 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը` Հըզպալլայի նահատակ ղեկավարներու յիշատակի ոգեկոչման տարեկան ձեռնարկին առիթով:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան խստիւ դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ Ապհա օդակայանի ռմբակոծումը եւ զօրակցութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ` արաբական երկիրներէն ահաբեկչութիւնը հեռու պահելու անոր ճիգերուն մէջ: Միւս կողմէ, միւֆթի Տըրիան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները շնորհաւորեց «Յոյսի անջրպետանաւ»-ով Հրատ հասնելու առիթով:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շնորհաւորեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները «Յոյսի անջրպետանաւ»-ով Հրատ հասնելու առիթով: Ան հաստատեց, որ Հրատի վրայ «Յոյսի անջրպետանաւ»-ը պայծառ պատկեր մըն է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն համար:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա խստիւ դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ Ապհա օդակայանի ռմբակոծումը` աւելցնելով, որ Իրան պէտք է լրջօրէն մտածէ շրջանին մէջ իր որդեգրած այս քաղաքականութիւններուն ունենալիք հետեւանքներուն մասին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ յոյս յայտնեց, որ ներքին եւ լիբանանեան արտաքին ջանքերը կ՛արդիւնաւորուին Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեամբ: Ան զգուշացուց լիբանանեան կարգ մը քաղաքական ուժերու վարուելակերպէն:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ յայտնեց, որ Հըզպալլա յանձնառու է ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւն մը կազմելու եւ կը մերժէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը ուղղակիօրէն կապել Իրանի հիւլէականի թղթածրարին:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական գրասենեակը շաբաթավերջին գումարեց իր ընթացիկ առցանց նիստը, որուն ընթացքին ցաւ յայտնեց նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի գործելաոճին առնչութեամբ` ընդգծելով, որ Հարիրի կառավարութեան կազմութեան սուղ ժամանակը կը մսխէ շրջագայելով եւ կը վերադառնայ հանրապետութեան նախագահին մօտ, առանց որեւէ լուրջ առաջարկի:
ՎԱՏԻԿԱՆԻ մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ Վատիկանը կը զօրակցի որեւէ նախաձեռնութեան, որ կը նպաստէ Լիբանանը իր դիմագրաւած տագնապէն փրկելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Պաքըր Հուժէյրի իր խօսքը ուղղելով Արսալի բնակիչներուն շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը անոնց կողքին կը գտնուի` պաշտպանելու համար անոնց անվտանգութիւնը եւ դիւրացնելու համար անոնց երթեւեկը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի Մսայլեհի գրասենեակի տնօրէն, նախկին երեսփոխան Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց ընթացիկ հարցերու կառավարութեան` քաղաքացիին հանդէպ իր պատասխանատուութիւնները ստանձնելու:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի դեսպանատան մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որուն հետ քննարկեց արաբական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն վերաբերող միացեալ հարցեր:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքով այցելեց Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆիի: Հանդիպումին ընթացքին Ռուտաքով յայտնեց, որ եթէ լիբանանցիները իրարու միջեւ չգործակցին, ապա արտաքին որեւէ միջամտութիւն ապարդիւն պիտի ըլլայ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ կոչ ուղղեց միլիսները ապազինելու` օժանդակութեամբ այնպիսի երկիրներու, որոնք կը հաւատան Լիբանանի ազատութեան եւ գերիշխանութեան: