Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքացիական Գործիչ Լոքման Սլիմ Յանձնուեցաւ Հողին

February 13, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 11 փետրուար 2021-ին, Ղպէյրիի մէջ տեղի ունեցաւ անարգ ոճիրի զոհ գացած մտաւորական եւ քաղաքացիական գործիչ Լոքման Սլիմի յուղարկաւորութիւնը:

Հօրենական իր տան շրջափակին մէջ կատարուած յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուեցան քաղաքական եւ դիւանագիտական անձնաւորութիւններ, լրագրողներ եւ հոգեւորականներ:

Յուղարկաւորութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Սլիմի արժանիքներուն` հաստատելով, որ անոր յիշատակը պիտի ըլլայ Լիբանանը լուսաւորող պայծառ աստղ մը, մինչեւ օրէնքի եւ իրաւունքի պետութեան հիմնումը:

Ապա խօսք առաւ Սլիմի մայրը` Սալմա Մըրշաք, որ իր խօսքը ուղղելով լիբանանցի երիտասարդներուն յայտնեց, որ եթէ անոնք կը փափաքին հայրենիք մը ունենալ, ապա պէտք է կառչած մնան եւ համոզուին իր զաւկին սկզբունքներուն, որոնց ի խնդիր ան նահատակուեցաւ: «Ընդունեցէ՛ք երկխօսութիւնը եւ տրամաբանութիւնը` ստեղծելու համար հայրենիք մը, որուն արժանի էր Լոքման: Հեռու մնացէ՛ք զէնքէն, որ մեզի համար օգտակար չէ եւ զաւակս խլած է», ըսաւ ան:

Յուղարկաւորութեան ընթացքին խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Անտրէաս Քինտըլը, որ յայտնեց, թէ Լոքմանի յիշատակը յաւերժ պիտի մնայ անոր նուաճումներուն ընդմէջէն: Ան անհրաժեշտ նկատեց բացայայտել Լոքմանի սպանութեան ծալքերը` թափանցիկ հետաքննութեան ընդմէջէն:

Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա խորազգած ցաւակցութիւններ յայտնեց Լոքմանի ընտանիքին` հաստատելով, որ Լոքմանի կորուստը մեծ է, իսկ անոր դէմ գործուած քստմնելի ոճիրը մերժելի է:

«Լոքման Սլիմ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ լիբանանցիներուն եւ ազատ Լիբանանին համար: Այդ դերակատարութիւնը ունեցող ոչ մէկուն դէմ պէտք է ճնշում բանեցուի», ըսաւ ան:

Շիա անհրաժեշտ նկատեց այս անարգ ոճիրին ճշմարտութեան բացայայտումը` խոստանալով զօրակցիլ Լոքմանի հաստատած բոլոր հաստատութիւններուն:

Ապա խօսք առաւ Իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Մըլհեմ Խալաֆ, որ յայտնեց, թէ Լիբանան բազմազանութեան երկիր է` հաստատելով, որ այսօր պահանջուածը արդարութիւնն է, որ կը կասեցնէ արժէքներ զգետնող ոճիրները:

Նախորդը

Ապու Զէյտ – Պոկտանով Հանդիպում

Յաջորդը

Լիբանան Պիտի Նախագահէ ԷՍՔՈՒԱ-ի Վիճակագրական Յանձնաժողովին 14-րդ Նստաշրջանին

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.