Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւններ (9 Փետրուար 2021)

Փետրուար 9, 2021
| Յայտարարութիւններ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր ընկերներէն`

ԳՕԳՕ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 8 փետրուար 2021-ին:

—————————————

«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»-Ի ՍՓՌՈՒՄԻ
ՍԱՐՔԵՐԸ` ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ

Ատենէ մը ի վեր, «Վանայ Ձայն»-ի սփռումը անհասանելի դարձած էր Պէյրութի արուարձաններուն եւ ծովեզերեայ կարգ մը շրջաններուն մէջ: Ժամանակի ընթացքին հեռարձակման աշտարակներու եւ սարքերու կարգ մը բաժինները ենթարկուած էին մաշումի, խանգարումի եւ անգործութեան` պատճառ դառնալով, որ ռատիոկայանին սփռումը կորսնցնէ իր նախկին ուժգնութիւնն ու տարածումը:

Ծանօթ է, որ «Վանայ Ձայն» կը գործէ սփռումի երեք աշտարակներով, որոնցմէ երկուքը Պուրճ Համուտէն («Շաղզոյեան» կեդրոն եւ «Սենթըր Հարպոյեան») կ’ապահովեն կայանին FM 94.7 ալիքին սփռումը` Պէյրութի, Մեթնի, Քեսրուանի եւ Ժիպէյլի մէջ, իսկ երրորդ աշտարակը Պէյթ Մերիէն կը կատարէ կայանին FM 95 ալիքին սփռումը` Պէյրութէն հեռաւոր շրջաններուն եւ Պեքաայի համար:

«Վանայ Ձայն»-ի սփռումը զօրացնելու եւ հայաբնակ բոլոր շրջաններուն հասանելի դարձնելու համար, անցնող ամիս, ամբողջական վերանորոգութեան ենթարկուեցան Պուրճ Համուտի գլխաւոր աշտարակները եւ սարքերը, որոնց համար Եւրոպայէն ապահովուեցան յատուկ գործիքներ:

Այժմ, ուրախութեամբ կարելի է յայտարարել, որ «Սփիւռքահայութեան հարազատ եւ լաւագոյն ձայնը»` «Վանայ Ձայն»-ը վերագտած է սփռումի իր երբեմնի ուժգնութիւնը եւ դիւրութեամբ հասանելի է Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի մեր բոլոր հայրենակիցներուն:

«Վանայ Ձայն»-ի թեքնիք սարքերու ամբողջական վերանորոգութեան այս քայլը կը յաջորդէ Մարդկային գիտութիւններու եւ ստեղծագործութեան համաշխարհային ընկերակցութեան կողմէ ռատիոկայանին շնորհուած «Իւրայատկութեան եւ գերազանցութեան» պատուոյ գիրին, իբրեւ 2020 տարուան Լիբանանի մամլոյ-տեղեկատուական մարզի ամէնէն յաջող եւ կազմակերպուած հաստատութիւններէն մէկը:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»-Ի

—————————————

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւն

ՄԻԱՑԵԱԼ ՅԱՅՏԱԳԻՐ (ԱՌՑԱՆՑ)
ՏՕՆ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ

Պատգամաբեր`

ՊԱՏՈՒԵԼԻ ԺԻՐԱՅՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Մասնակցութեամբ` Լիբանանի Հայ աւետարանական վարժարաններու աշակերտներու

Հինգշաբթի, 11 փետրուար 2021, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

Միացէ՛ք ՄԱՀԱԵՄ-ի «Եութիուպ»-ի կայանին միջոցով:

—————————————

365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ

Տիկին Սօսի Մենտիլեան իր ամուսնոյն` Զոհրապ Սարգիս Մենտիլեանի մահուան 8-րդ տարելիցին առիթով կը ստանձնէ օրուան մը ճաշի ծախսը` 1.000.000 լիբ. ոսկիով:

(9 փետրուար 2021)

 

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Ափրիկեան Ֆութպոլ. Մարոք Տիտղոսը Պահեց Իր Մօտ

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ

Հոկտեմբեր 13, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (13 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 13, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (11 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?